Գահիրէի Մէջ. Պաշտօնապէս Նշուեցաւ Հայ-Եգիպտական Յարաբերութիւններու 30-ամեակը

0 0
Read Time:55 Second

ԳԱՀԻՐԷ․- Եգիպտոսի մօտ Հ․Հ․ դեսպանութիւնը կազմակերպեց տեղւոյն Օփերայի սրահին մէջ երաժշտական երեկոյ մը, որ հայ-եգիպտական դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուելու երեսունամեակին նուիրուած էր: Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն երգի պարի Cadence պարախումբը։

Համերգին ներկայ եղան Եգիպտոսի թղթարարութեան մարմնի նախագահ, հաղորդագրութեան եւ տեղեկատուութեան ճարտարագիտութիւններու փոխնախարարն ու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, Եւրոպական հարցերու փոխնախարարի օգնականն ու արտաքին գործոց նախարարութեան արարողակարգի հարցերու փոխնախարարի օգնականը, Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան, Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Գրիգոր Իգնատիոս եպս. Քուսան, Եգիպտոսի մօտ աւելի քան երեսուն դեսպաններ, տասնեակ դիւանագէտներ, աւելի քան 300 պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Բացումը կատարած է Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Հրաչեայ Փօլատեան, որ ողջունած է ներկաները եւ կարեւորած հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու պատմական ընթացքն ու այսօրուայ սերտ կապերը։ Ապա խօսք առաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը եւ կառավարութեան անունով ողջունած է բոլորը: Խօսքերէն ետք ներկայացուած է կարճ շարժանկար հայ-եգիպտական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մասին։ Այս առթիւ, համերգի մասնակիցները պարգեւատրուած են շնորհակալագիրներով, հիւրերուն եւ ներկաներուն բաժնուած են յուշանուէրներ եւ Հ․Հ․ դեսպանութեան կողմէ հրատարակուած «Հայ-եգիպտական յարաբերութիւններ. անցեալ-ներկայ» խորագիրով գրքոյկներ։

Համերգէն ետք նաեւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն Օփերայի պարտէզին մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles