«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նպաստը Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

0 0
Read Time:32 Second

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն 220,000 ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ 2017-2018 տարեշրջանին։ 2015 թուականին «Գալուստ ԿիւլպէնկեանՀիմնարկութեան Լիբա­նանի Հայեցի Դաստիարակութեան Յատուկ Նշանակութեան

Յա­նձնախումբ»ին նախաձեռնութեամբ իրագործուած ինքնագնահատումի ծրագրին մասնակցած 23 վարժարաններէն այսօր 17 հատը կը գոր­ծեն, ուստի ասոնց միջեւ պիտիբաժնուի նշանակուած գումարը, ըստ ամէն մէկուն աշակերտութեան թիւին։

Նկատի ունենալով Լիբանանի խորհրդարանին վերջերս վաւերացուցած օրէնքը՝ ըստ որուն բոլոր վարժարանները պէտք է կիրարկեն ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներ եւ գիտակցելով հայկական վարժարաններուն  պար­տաւորութիւնն ուդժուարութիւնը լիովի գործադրելու այս նոր օրէնքը, Հիմնարկութիւնը կը նախ­ընտրէ իր նպաստը յատկացնել հայերէն լեզուով դասաւանդող ուսու­ցիչ­ներու ամսականներուն հասանելի յաւելումին։

Գումարին փոխանցումը պիտի կատարուի Ապրիլ ամսուան ընթացքին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles