Լրահոս

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկի 70-ամեայ Յոբելեանի Նշում

Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան, Սրբազան Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան եւ հիմնարկի տնօրէն՝ Անթոնիօ Ֆէյժօ։

ԼԻԶՊՈՆ․- Երկուշաբթի, Յուլիս 20-ին, ոգեկոչուեցաւ ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանը, նաեւ նշուեցաւ համանուն հիմնարկի 70-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ղեկավարութեան հրաւէրով Լիզպոն այցելեց՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան։

Նորին Սրբազնութիւնը եւ հիմնարկի ղեկավարները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին բարեյիշատակ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրիին առջեւ, որ կը գտնուի համանուն հիմնարկի կեդրոնատեղիի համալիրէն ներս։

Այս յարգանքի տուրքին առընթեր, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի մերձակայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, որու աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ լուսահոգի Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ բարեյիշատակ գերդաստանի միւս անդամներուն։ Հարկ է նշել, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնատեղիի համալիրէն ներս վերանորոգուած է թանգարանը, ուր կը գտնուի հնութիւններու ճոխ հաւաքածոյ մը, որ մեծ համբաւ կը վայելէ աշխարհի մէջ։ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան այցելեց վերանորոգուած թանգարանը։

Սրբազանը նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ։ Ոգեկոչման արարողութիւններուն ընդառաջ, շաբաթավերջին, հիմնարկի հիմնադրութեան 70-ամեակին առթիւ տեղի ունեցաւ նաեւ փառաշուք համերգ մը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնական համալիրի համերգասրահի երդիքին տակ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով ներկաներ։

Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին քարոզեց, որու ընթացքին անդրադարձաւ լուսահոգի ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին ու գործունէութեան։ Ան պատգամին մէջ բաղդատեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթական ժառանգութիւնն ու Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքը եւ ծառայութիւնը։

Անդրադառնալով մեծ բարերարի կեանքին՝ Սրբազանը ըսաւ. «Ան եւս հայ ժողովուրդի զաւակ մըն էր եւ իրեն տրուած շնորհները՝ միտքը, հեռատեսութիւնը, ազդեցութիւնը եւ նիւթական կարողութիւնը չընկալեց միայն որպէս անձնական առանձնաշնորհում, այլ համարեց միջոց աւելի մեծ բարիքի ծառայելու համար։ Գալուստ Կիւլպէնկեան հասկցած էր, որ տաղանդը պատասխանատուութիւն կը բերէ, հարստութիւնը հոգատարութիւն կ՚ապահովէ եւ տեսիլքը լաւագոյնս կը դրսեւորուի ծառայութեան մէջ»։

Advertisement Subscribe Today

Քարոզի վերջաւորութեան Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան ընդգծեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եւ լուսահոգի Գալուստ Կիւլպէնկեանի հոգեւոր ընդհանրութիւնը, որ կը բացատրուի վկայութիւններու բաղդատմամբ։

Հուսկ, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն ներս ոգեկոչման եւ յոբելեանին առթիւ կազմակերպուեցաւ նաեւ ճաշկերոյթ մը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button