Գագիկ Ծառուկեանը Ձերբակալուեցաւ
եՐԵՒԱՆ.- «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, գործարար Գագիկ Ծառուկեանը ձերբակալուեցաւ: Ան փոխադրուեցաւ քննչական բաժին, ապա՝ դատարան, ուր կալանքի միջնորդութիւն պիտի կատարուի: Խուզարկուեցան անոր բնակարանը եւ առեւտրական կեդրոնները։ Պաշտպան փաստաբան Երեմ Սարգսեան՝ Ծառուկեանին ուղղուած մեղադրանքները անհեթեթ եւ ծիծաղելի նկատեց:
Ընդդիմադիր ուժերը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Հայաքուէ» ազգային քաղաքացիական միաւորում, «Հայ ազգային կոնգրես» կուսակցութիւն, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն, «Դեմոկրատական այլընտրանք» կուսակցութիւն, «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւն եւ «Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւն», այս առիթով հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն՝ դատապարտելով կատարուածը եւ աջակցութիւն յայտնելով Գագիկ Ծառուկեանին։ Ստորեւ՝ յայտարարութիւնը.-

