Յօդուածներ
Գաբրիէլ Լազեան (1893 – 1959) 50 Տարի Պայքարի Առաջին Շարքերուն Վրայ

Ծ. Խ․- Յապաւումով լոյս կ՛ընծայենք այս գրութիւնը հրատարակուած Աթէնքի «Ազատ Օր»-ին մէջ։ Օգոստոս 25-ին կը նշուի հայ ժողովուրդի երախտաւոր զաւակներէն՝ Գաբրիէլ Լազեանի մահուան 60-րդ տարելիցը եւ այս առթիւ պատրաստուած է յունահայ գաղութի անզուգական գործիչի կենսագրութիւնը, որպէս նուազագոյն տուրք իր բազմավաստակ գործունէութեան եւ յիշատակին։

