
Ծ.Խ.- Վերջերս, խմբագրութիւնս ստացաւ Գանատահայ լուսանկարիչ Գալուստի (Գալուստ Պապեան) “Ներաշխարհիս Ոսնեակ“էն գործը, որուն մէջ տեղադրուած են արուեստագէտին իրագործած զանազան լուսանկարները` Եուսուֆ Քարշեան ոճով դիմանկարներ եւ Հանրի Քարթիէ-Պրըսոնեան ոճով անհատներ-բնութեան տեսարաններ: Այսպէս, “Ներաշխարհիս Ոսնեակ“ին շատ աւելի իւրայատուկ գեղեցկութիւն մը փոխանցած են “գոյներ“ը` սեւն ու ճերմակը: Անկասկած որ զարմանալի է…Գալուստին ոսպնեակի ետին “քլիք“երը` սեւն ու ճերմակ գոյներն են, որոնք շատ աւելի ազդեցութիւն կը ձգեն: 325 էջերէ բաղկացած այս վիթխարի գործին մէջ տեղ գրաւած են հռչակաւորը, ծանօթն ու անծանօթը` Արամ Հայկազէն, Փարաճանովէն, Մհեր Մկրտչեանէն մինչեւ Երեւանի մէկ անծանօթ արուարձանի անծանօթ մամիկը, անցնելով Յակոբ Կարապենցէն, Ժիրայր Աթթարեանէն, Պօղոս Սնապեանէն, Գրիգոր Պըլտեանէն, Աթոմ Էկոյեանէն եւ դեռ շարքը երկար է…Անշուշտ ներկայ է նաեւ շարունակ հայորդին հալածող Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Ապրիլ 24ը լուսանկարիչ Գալուստի ոսպնեակի ետին:

Մեր առջեւն է Գալուստ Պապեան արուեստագէտին քառասնամեայ ուղեւորութեան բաբախուն յիշատակարանը:
Սփիւռքի մեր ջերմ ու ընտանի օճախներէն ճամբայ ելլելով, ան ոտքի տակ տուած է մեր հողմացրիւ գոյութեան բարդ աշխարհագրութիւնը շարունակաբար փնտռելով իր հարազատ կայքը, իր մտքի հաստատուն կռուա՛նը եւ ամեն քայլափոխին ընդլայնելով հոգեւոր առնչութիւններու իր ցանցը: Աշխարհի մեծ հարցականներուն մէջ վերապրած հայն է ան. հայաշխարհի չյայտնաբերուած պարզութիւններուն գիւտարարը. իսկական, անսեթեւեթ, ինքն իր թաքուն օրէնքով ապրող ու շնչող առօրեայ մարդուն անձնական վկա՛ն: Այս գիրքը այդ վկայութիւններուն մնայուն տոմարն է:

Վաթսունական թուականներու վերջաւորութեան էր, որ Գալուստը առաւ վճռական որոշումը` մտնելու լոյսի աշխարհէն ներս, արուեստի այս մարզը իրը ընելու եւ հոնկէ այլեւս դուրս չգալու անշեղ յանձնառութեամբ: Մենք գիտենք, թէ Գալուստը վաղուց հմայուած էր արուեստով. յատկապէս` բանաստեղծութեա՛մբ, բայց նաեւ թատրոնով, ֆիլմով, երաժշտութեամբ. եւ անշուշտ` լուսանկարչութեա՛մբ: Այժմ սակայն ան կը բաժնուէր սիրողի, դիտողի եւ ընբոշխնողի դիրքերէն եւ մուտք կը գործէր ստեղծողի մութ եւ դժուարահաճ աշխարհէն ներս, ուր գիտութիւնն ու քերթութիւնը նոյն ներշնչման ակունքներէն կը սնանին տեւաբար պայմանաւորելով զիրար:

Գալուստին այս ուղեւորութիւնը սկսաւ վաթսունական թուականներու Նիւ Եորքէն, որ ոչ միայն արուեստներու մեծղի հնոց մըն էր, այլեւ հոն ապրող սփիւռքահայ մեր սերունդին մտքի աճելավայրը: Աշխոյժ, եռանդուն, գաղափարներով ճառագայթող սերունդ մըն էր ան, որ կ՛ապրէր յոյսերով, յուսախաբութիւններով, ոգեւորութեամբ ու զայրոյթով, բայց մանաւանդ` հաւատքով եւ հսկայ լաւատեսութեամբ մը` արհամարհելով անկարելին, որ մեզ կը շրջապատէր: Իրենց համար` անկարելին գոյութիւն ունէր յաղթահարուելու համար եւ ծնելու` նոր իմաստ. նոր մեկնութիւ՛ն: Նիւ Եորքի այս կնճռոտ տիեզերքին մէջ էր, որ Գալուստ պիտի սկսէր փնտռել իր ինքնաշխարհը: Իսկ արուեստի այս բնագաւառը ժլատ էր ու աններող. կատարելապաշտ ու անզիջող. անխնայ ու անկուշտ` որ քեզմէ կ՛առնէր ամեն բան եւ մեծ պահանջկոտութեամբ միայն կը բանար իր գաղտնիքները: Ասիկա լոյսի վարպետներուն ներքին տիրոյթն էր, որ ի վերջոյ պիտի ըլլար նաեւ տիրոյթը Գալուստին:
Ինչպէս այլ ստեղծագործողներու պարագային, միշտ ալ սերտ եւ շատ անձնական կապ մը գոյութիւն ունեցած է Գալուստին եւ իր նկարներուն միջեւ: Բոլոր այն պատկերները, որոնք կեանք կ՛առնեն Գալուստին ոսպնեակէն, կը պատկերեն այն աշխարհը, ուր ան հարազատ կը զգայ ինքզինք: Իր նկարները անձնականացուած խօսքեր են, որոնք այլ կերպ չեն կրնար արտայայտուիլ եւ այս ձեւով միայն կը գտնեն իրենց ամբողջական հնչեղութիւնը: Նկարը ապրող երկխօսութիւն մըն է նկարուողին եւ իր միջեւ, եթէ նոյնիսկ նկարուողը “անշունչ“ առարկայ մըն է. քանի որ ոչինչ անշունչ է արուեստագէտին համար: Շնչաւոր են թէ՛ Հայաստանի լեռներու հօտաղ տղան, թէ՛ իր ոչխարները, թէ՛ զինք շրջապատող ցորենի հասկերը: Եւ շնչաւոր է այն հում բուրդը, որ լուացուած ու կախուած է գեղջուկ տատիկին տան մօտակայքը, որպէսզի ան չորնայ եւ վերստին լեցուի բարձերուն եւ վերմակներուն մէջ եւ վերածուի կենարար օրհնութեան:
Այս իրողութեան խօսուն ապացոյցն էր նաեւ Գալուստին երբեմնի սթիւտիոն Թորոնթոյի մէջ: Իր պատերուն վրայ, ես տեսած եմ բազմաթիւ նմոյշներ պատուէրով նկարուած իր նկարներու հաւաքածոյէն, ուր քաղցր մտերմութեամբ կեանք կ՛առնէ գանատացի ընտանիքներու առօրեան, բայց մանաւանդ այդ մարդոցմէ իւրաքանչիւրին յատուկ անհատականութիւնը, խառնուածքը, կապը` կեանքին հետ: Ամեն քայլափոխին կը զգաս, թէ ան փնտռած է լոյսի անստգիւտ ակնթարթը` բացայայտելու համար այն, որ կը խուսափի մեր աճապարանոտ ուշադրութենէն:
Այս գրքի նկարներէն ամեն մէկը անցողիկ կեանքի մեր իրականութենէն առանձնացուած պահ մըն է, որ այլեւս չի հպատակիր ժամանակի ընդունուած կանոնակարգին: Այնուամենայնիւ ամեն մէկ նկար նաեւ իր ժամանակին վկան է. անոր իւրովի վերարտադրութիւ՛նը: Գալուստին այս նկարաշարը կ՛ոգեկոչէ այն Սփիւռքը եւ այն Հայրենիքը, որոնք գոյութիւն ունէին ութսունական թուականներու համաշխարհային մեծ տեղաշարժերէն առաջ, որոնց բովին մէջ ծնաւ նաեւ նորանկախ հայ պետականութիւնը:
Գալուստ Պապեան արուեստագէտը այժմ կը գտնուի մեր կեանքի նոր համայնապատկերին առջեւ` լոյսի նոր առկայծումներով եւ նոր մարտահրաւէրներով: Սրտանց յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ