“ԳԱ­ԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼ­ՊԷՆԿ­ԵԱՆ“ ՀԻՄ­ՆԱՐ­ԿԻ ՏՆՕ­ՐԷՆ ՌԱԶ­ՄԻԿ ՓԱ­ՆՈՍ­ԵԱՆ ԱՅ­ՑԵ­ԼԵՑ “ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻՔ“

0 0
Read Time:4 Minute, 18 Second

p3 razmik  Հինգ­շաբ­թի, Մա­յիս 2-ին, խմբագ­րու­թեանս հիւրն էր, Լիզ­պո­նի “Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան“ հիմ­նար­կի հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քի նո­րան­շա­նակ տնօ­րէն դոկտ. Ռազ­միկ Փա­նոս­եան, որ կարճ այ­ցե­լու­թեամբ մը Պոս­թըն կը գտնո­ւէր, եւ այդ առ­թիւ, այ­ցե­լեց “Հայ­րե­նիք“:

Ան յայտ­նեց թէ գրե­թէ երեք ամի­սէ ի վեր ստանձ­նած է այս պաշ­տօ­նը եւ ըն­թաց­քի մէջ է կա­տա­րե­լու հիմ­նար­կի հա­յե­րէն բաժ­նի գոր­ծու­նէ­ու­թեան հնգամ­եայ ռազ­մա­վա­րա­կան եւ ծրագ­րա­յին յայ­տա­գի­րը: Ան տե­ղեկ­կա­ցուց թէ “Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան“ հիմ­նար­կի  հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քը փոքր մաս մըն է, որուն կի­զա­կէ­տը, բնա­կա­նա­բար , հայ­կա­կան աշ­խարհն է թէ՛ մշա­կու­թա­յին եւ թէ՛ կրթա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րով: Հե­տե­ւա­բար, հիմ­նար­կին նպա­տակն է սա­տա­րել հայ լեզ­ուին ու մշա­կոյ­թին: Առ այդ, ընդ­հա­նուր մօ­տե­ցու­մը, կեդ­րո­նա­ցած է  դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան եւ կրթու­թեան հետ կապ­ուած նիւ­թե­րու վրայ: Դոկտ. Փա­նոս­եան նշեց թէ հիմ­նար­կին նպա­տակն է, աւե­լի արդ­ի­ա­կա­նա­ցած ձե­ւե­րով ուղղ­ուիլ դէ­պի ապա­գայ եւ առ այդ յստակ որո­շում­ներ առ­նե­լով, հաշ­ուե­տու ձե­ւով գոր­ծել եւ հաս­նիլ ա­­րդիւնք­նե­րու:

Դոկտ. Փա­նոս­եան, յայտ­նեց, թէ զարկ պի­տի տրուի նոր եւ ար­դի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, մա­նա­ւանդ որ հետզ­հե­տէ նո­րու­թիւն­ներ կը ստեղծ­ուին հա­մա­կարգ­չա­յին բնա­գա­ւա­ռէն ներս, որուն հե­տ եթէ քայլ չպահ­ուի, կրնայ վտանգ­ուիլ հա­յե­րէն լե­զուն, յատ­կա­պէս արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը, որ ար­դէն իսկ, “Եու­նես­քօ“ի կո­ղմէ կը նկատ­ուի ան­հե­տա­նա­լու վտան­գին տակ գտնուող լե­զու:

Դոկտ. Փա­նոս­եան շեշ­տեց, թէ այս նոր կա­ցու­թիւն­նե­րուն­ եւ եղա­փո­խու­թիւն­նե­րուն­ հետ քայլ պա­հե­լը, ար­դէն իսկ մար­տա­հա­րա­ւէր մըն է, որուն ար­դիւնք հիմ­նար­կը կը հաս­նի ներ­կայ եւ ապա­գա­յի արդ­ի­ա­կան հիմ­նար­կի մա­կար­դա­կին: Այս­ուա­մէ­նայ­նիւ, ան շեշ­տեց թէ տրա­մադ­րուե­լիք կրթան­պաս­տը իր ազ­դե­ցու­թիւնը պէտք է որ ու­նե­նայ եւ հա­մընկ­նի 21-րդ դա­րու պայ­ման­նե­րուն, ապա թէ ոչ ան­տե­ղի է աշ­խա­տե­լա­ձե­ւը շա­րու­նա­կե­լը: Հե­տե­ւա­բար պի­տի կա­տար­ուի աշ­խա­տան­քի հե­տապն­դում եւ բնա­կա­նա­բար հաշ­ուե­տու­ութիւն:

Դոկտ. Փա­նոս­եան նա­եւ աւել­ցուց, թէ հիմ­նար­կին ընդ­հա­նուր մօ­տե­ցու­մը այն է, որ հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քը պէտք է իրա­պաշ­տօ­րէն ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան աշ­խար­հի իրա­կա­նու­թիւնը, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ Սփիւռ­քի մէջ:

Մինչ այդ, մար­դա­սի­րա­կան օժան­դա­կու­թեան հա­մար, որոշ գու­մար մը ար­դէն իսկ փո­խանց­ուած է Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան Բա­րե­սի­րա­կան Կեդ­րո­նա­կան Մար­մի­նին եւ գու­մա­րը կա­տար­ուած է Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի մի­ջո­ցաւ:

Դոկտ. Փա­նոս­եան նա­եւ այ­ցե­լեց “Ար­մինի­ըն Ռի­վիու“ի,  Հ.Յ.Դ. Արխիւներու եւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան գրա­սեն­եակները: Նշենք թէ Դոկտ. Փա­նոս­եան ծնած է Լի­բա­նան եւ փոքր տա­րի­քէն գաղ­թած է Գա­նա­տա, ուր հե­տե­ւած է բարձր մա­կար­դա­կի ուս­ման: Ան դա­սա­ւան­դած է Լոն­տո­նի հա­մալ­սա­րա­նէն ներս եւ ներ­կա­յա­ցու­ցած բազ­մա­թիւ դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ: Հրա­տա­րա­կած է բազ­մա­թիւ յօդ­ուած­ներ ու գիր­քեր` հա­յու­թեան, Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի, հայ­կա­կան ինք­նու­թեան եւ անոնց առն­չուող հար­ցե­րու շուրջ, նա­եւ խմբագ­րած է կարգ մը մի­ջազ­գա­յին հան­րա­գի­տա­րան­նե­րու հա­յու­թեան վե­րա­բե­րող բա­ժին­նե­րը: Ան, նա­եւ գոր­ծակ­ցած ու պաշ­տօ­նա­վա­րած է մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէ ներս եւ բազ­միցս այ­ցե­լած` պատ­մա­կան գրաւ­եալ Հա­յաս­տա­նի կարգ մը շրջան­նե­րը` Վան, Անի եւ բարձ­րա­ցած Արա­րատ լեռ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles