ԲՈՒԺՈՒԻԼ ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԷՆ՝ ՉԸԼԼԱԼ ԶՈՀԸ ՏԽՄԱՐՆԵՐՈՒ ՍԱԿԱՐԿՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 44 Second

 

 Յ. Պալեան 

«Հանդուրժողութիւնը միայն փոխանցման վիճակ մը

 պէտք է ըլլայ: Ան պէտք է առաջնորդէ յարգանքի»:

Կէօթէ (1749-1832)

 

ԳԻՐՔ ՄԸ

 

            Հայաստան լոյս տեսած է գիրք մը, հետաքրքրական եւ զարմացնող անունով. «Հանդուրժողականութեան եւ անհանդուրժողականութեան դրսեւորումները հայ գրականութեան մէջ»: Գիրքը հրատարակուած է Հոլանտայի թագաւորութեան, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն՝  Նիդերլանտների, Հայաստանի եւ Վրաստանի մօտ դեսպանութեան աջակցութեամբ՝ Եւրասիա համագործակցութիւն  հիմնադրամի կողմէ իրականացուող «Կրօնական հանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի խթանումը Հայաստանում» նախագիծի ծիրէն ներս:

            Գիրքը ստացայ համացանցով: 348 էջ: Հայ հին եւ նոր գրականութիւնը լուսարձակի տակ առնուած է: Առատ նիւթ կայ գիրքին մէջ, հետաքրքրական ուսումնասիրութիւններ:

 

ԲԱՌԵՐ ԵՒ ԲԱՌԱՐԱՆՆԵՐ

 

            Կարծէք միջազգայնօրէն ճանաչում ունեցող intolérance բառը տարբեր հնչեղութիւն ունի հայերէն անհանդուրժողութենէն, քանի որ անոր մասին չենք խօսիր, զայն կը կրենք: Մեր պատմութեան եւ անկէ բխած բարքերուն պատճառով, ան սովորական է, իւրացուած է: Ինչպէս արեւմտեան լեզուներու մէջ, այնպէս ալ հայերէնի, հանդուրժողութիւնը կ’ըմբռնուի որպէս համբերութիւն, տոկալու իմաստութիւն, տեսակ մը ճակատագրապաշտութիւն՝ կրելու համար մարդոցմէ եւ կեանքէն եկած նիւթական եւ բարոյական վնասները, անհեթեթութիւնները: Ոմանք հանդուրժողութիւնը կրնան ընդունիլ նաեւ որպէս ստոյիկեան վերաբերում:

            Եթէ համբերութիւն ունենանք թափառելու բառարաններու մէջ, պիտի գտնենք, որ հանդուրժողութիւնը կեցուածք մըն  է կրելու, ենթարկուելու, չարգիլելու այն բանը եւ բաները որոնց համաձայն չենք, որոնցմէ չենք կրնար խուսափիլ: Ան կ’ենթադրէ նաեւ, որոշ պարագաներու, կարգ մը օրէնքներու եւ ընդունուած կանոններու զանցառում: Հանդուրժողութեան պարզ ըմբռնումը, առանց խորացումներու, ընթացիկ կեանքի մէջ, տնավարի ներողամտութիւնն է, որ կը հետեւի, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, այս կամ այն պատճառաբանութեամբ, հասկացողութեան ոգի ցուցաբերելու: Կամ ստրուկի հոգեբանութիւն, որ կ’ըսէ՝ «այն ձեռքը զոր չես կրնար կտրել համբուրէ՛ եւ ճակատիդ դի՛ր»: Հրեշտակային վերաբերում կամ վատութիւն:

            Հանդուրժողութիւնը անպայման առաքինութիւն չէ, անհանգիստ չըլլալու եսասիրութեան հետ կը շփոթուի:

            Ճիշդ է, որ անհանդուրժողութիւնը վարակ է, ընկերութեան բոլոր խաւերուն մէջ, եթէ քաջութիւնը ունենանք մենք մեզ եւ մեր շրջապատը անաչառութեամբ դիտելու: Զարմանալի կրնայ թուիլ, որ թէեւ գիտութեան մեծ նուաճումներու ժամանակին մէջ կ’ապրինք, բայց անհանդուրժողութիւնը կ’արտայայտուի զանազան ձեւերով եւ զանազան մարզերու մէջ. կրօնական, բնախօսական (մորթի գոյնի, հասակի, դիմագծութեան), մշակութային, դասակարգային, քաղաքական, ուսումնական, կենցաղային, ընկերային յարաբերութիւններու մէջ՝ այս կամ այն պատճառով դասաւորումներու որպէս հետեւանք: Բոլոր պարագաներուն ալ, անհանդուրժողութիւնը կը դրսեւորուի այլամերժութեամբ, յարգանքի պակասով, միւսին հանդէպ սիրոյ բացակայութեամբ, կը դադրինք միւսին մէջ մեր նմանը տեսնելու իմաստութենէն, այլեւս չենք մտածեր եւ չենք գործեր այնպէս, ինչպէս կ’ըսէր Րընէ լը Սէն (1882-1954), որ «Ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է» (le droit d’autrui est mon devoir):

            Այսինքն, անհանդուրժողութիւնը հակառակն է այն առաքինութեան, որ մեզի կը թելադրէ ընդունիլ միւսը իր մտածումներով, զգացումներով, կենցաղով:

            Հակառակը՝ եսի գերիշխանութիւնն է:

 

ՄՏԱԾԵԼ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԻՒՆ-TOLERANCE-Ի ՄԱՍԻՆ

 

            Ի հարկէ, հանդուրժողութիւնը կ’ենթադրէ հաւաքական վերաբերում, այսինքն միւսին մէջ տեսնել մեր իրաւահաւասարը, ուրեմն ան արտայայտութիւնը պէտք է ըլլայ տիրելու ցանկութեան եւ չարաշահելու ախտին դէմ կեցուածքի: Հանդուրժողութիւնը կը դառնայ անձնատուուութիւն, նահանջ, տկարութիւն, եթէ բացակայի Էմմանուէլ Քանթի (1724-1804) տիեզերական իմաստութիւնը, որ կ’ըսէ. «Գործէ՛ այնպէս, որ քու կամքիդ կանոնը կարելի ըլլայ դարձնել տիեզերական օրէնք» (Agis de telle sorte que la maxime de ta volonté puisse être érigée en loi universelle):

            Հանդուրժողութիւնը հաւաքական կ’ըլլայ, այլապէս ան կ’ըլլայ անհանդուրժողութեան դէմ անձնատուութիւն, անոր բոլոր հետեւանքներով եւ բացասականութիւններով: Այս տրամաբանութեան հետեւելով, մենք մեզ կը գտնենք կրթական եւ քաղաքակրթական արժէքներու տարածման եւ իւրացման պարզ-բարդ խնդրին առջեւ:

            Հանդուրժողականութիւնը ոչ կատարուած իրողութիւնները վերջնական համարելու կեղծ իմաստութիւնն է, ոչ ալ առանձին ապրելու եւ գործելու կենսակերպ: Ան փոխադարձութեամբ կ’ըմբռնուի եւ յաճախ կը շփոթուի անցեալի վրայէն գիծ քաշելու հետ, tabula rasa ընել, խորհելով որ այդ ձեւով կ’անհետանան անհանդուրժողութեան ծնունդ տուող պատճառները:

            Հանդուրժողութիւնը անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ պարզ ներողամտութեամբ չ’ըմբռնուիր: Սրբագրութեան եւ հատուցման խնդիրներ կան, որպէսզի հանդուրժողութեան յաջորդող հանգրուանին մարդը միւսին մէջ իր նմանը եւ հարազատը գտնէ:

            Անկարողութեան, անզօրութեան կամ սպառնալիքի պատճառով հաստատուած հանդուրժողութիւնը կեղծիք է, ոճիր է, որովհետեւ ոչ մէկ հարց կը լուծէ եւ պատճառ կ’ըլլայ նոր լարուածութիւններու, միջանհատական, ազգամիջեան կամ միջազգային անհասկացողութիւններու, անոնց հետեւանքով ստեղծուած-ստեղծուելիք նոր անարդարութիւններու եւ նոր ոճիրներու, անհատական մակարդակի վրայ, հաւաքականութիւններու միջեւ, կամ ընդհանուր առումով՝ մարդկութեան դէմ:

            Կը յիշեմ հայ իրաւաբանի մը տոքթորական աւարտաճարին մէջ յայտնուած այն միտքը, որ հայեւթուրք հաշտեցման համար Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայոց դէմ ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու յանցանքը եւ հայերն ալ պէտք է ներեն: Նման վերաբերում մարդկային իրաւանց, արդարութեան եւ ճշմարտութեան դէմ նորատեսակ ոճիր է: Հայաստան հրատարակուած վերոնշեալ գիրքը, որպէս ուսումնասիրութիւն հետաքրքրական է, եթէ այդ սահմանին վրայ կանգ առնէ, իսկ եթէ այլ է հետապնդուած նպատակը, այդ ալ պէտք է ըսուի բացորոշ կերպով: Հանդուրժողականութիւնը բարոյական կեցուածք է, հետեւաբար չի կրնար հիմնուիլ անարդարութեան, ուրացման եւ կեղծիքի վրայ:

            Հանդուրժողութիւնը, toléranceը, պէտք չէ շփոթել ճշմարտութեան ուրացման, պարտուածի եւ ստրուկի հոգեբանութեան հետ, եւ ըստ այս կամ այն շահերու՝ պատմութեան խեղաթիւրման հետ: Այս իսկ պատճառով, երբ պատմութիւնը կը վերծանուի, երբ կրթական ծրագիր կը մշակուի (դասագիրքեր կը վերանայուին), ընկերութեան եւ պատմութեան հարցերը գրականութեան նիւթ կ’ըլլան, մարդը, ժողովուրդը եւ ազգը ըստ կամս չեն գնահատուիր: Կարելի է ունենալ քննադատական վերաբերում, բայց այդ չի նշանակեր խեղաթիւրել, զեղծել, ընդհակառակն, ձգտիլ ճշմարտութեան եւ բիւրեղացման: Օրինակ, շահախնդրուած տեսաբանի, սոփեստ բարոյախօսի պէս ըսել, որ հայոց ցեղասպանութիւնը կամ հրէական ողջակիզումը պատմութեան արկածներ են, պատմական մանրուքներ, եւ այժմ պէտք է նայիլ դէպի ապագան, ոչ մէկ ձեւով դրական կ’ըլլայ արդարութեան հասնելու համար:

 

ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԻՒՆ, ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

            Սերունդները պէտք է գիտնան անցեալը, գիտակցին լաւին եւ վատին, արժէքներուն: Հանդուրժողութիւնը մարդկայնական, (humaniste) վերաբերում է, ցանկալի, բայց ան պէտք է ըլլայ միայն հանգրուան, մերժելով փակագիծները, հասնելու համար այլ իրաւութեան մը, յարգանքի, արդարի եւ սիրոյ: Հանդուրժողութիւնը սոսկ փակագիծ մըն է ճշմարտութեան եւ իրաւութեան առաջնորդող ճանապարհին:

            Պէտք է անվարան կրկնել, որ հանդուրժողութեան սահմանումը ամենայն պարզութեամբ եւ խորութեամբ սահմանած է գերմանացի մտածողը, Կէօթէ (1749-1832), երբ կ’ըսէ՝ որ «Հանդուրժողութիւնը միայն փոխանցման վիճակ մը պէտք է ըլլայ: Ան պէտք է առաջնորդէ յարգանքի»:

            Հայաստան լոյս տեսած ուսումնասիրութիւններու յիշուած գիրքին մէջ, ուր հայ գրականութեան եւ դասագիրքերուն մասին կը խօսուի, վեր առնելով անհանդուրժողութեան օրինակներ, ոչ մէկ արտայայտութեան կը հանդիպինք յիշուած պարագաներու պատճառ-հետեւանքի բացատրութեան: Ինչպէ՞ս չհասկնալ Սիամանթոյի կամ Վարուժանի պոռթկումները: Կարդա՛լ Դանիէլ Վարուժանի ԴԵՐԵՆԻԿԸ…

            Հանդուրժողութիւնը կ’ենթադրէ հաւասարութիւն, խօսակից, սխալը ընդունելու քաջութիւն, եւ ոչ աչքերը երկինք յառած սուրբի վերաբերում:

            Նաեւ ներազգային կեանքի մէջ, անհնար է հանդուրժողութիւնը, եթէ հոգեփոխութիւն չյառաջացնենք, եթէ այս կամ այն ձեւով շարունակուի Կոմիտասի դառն նկարագրութեամբ մեզի հասած կացութիւնը, որուն մասին յաճախ կը մտածեմ եւ կը գտնեմ, որ ան այնքան արդիական է, մեզի մօտ:

            Կոմիտաս կ’ըսէ. Հօտն անհովիւ՝ մոլոր ու շփոթ, աներեւոյթ եւ անզուսպ ալիքներ յախուռն կը յուզեն ի խորս մեր հալածական եւ ողբալի կենաց  ծովու: Անմիտ որսորդներ բոլորած՝ միամիտ ձկներ ցանցած: Մթնոլորտը թոյն կը տեղայ, բուժիչ ուժ չկայ: Աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում մէկ կողմէն, անտարբերութիւն ու ցեխոտ սրտեր միւս կողմէն: Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, զոր մերկութիւնն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց: Մեր մարմինը նեխած է, մեր հոգին ապականած, մեր կեանքը դիակնացած… Ո՞ւր է մեր խոհական Խորենացին, թող ելլէ արիւնաքամ հողու տակէն եւ ողբայ մեր խակերու սիրտն ու հոգին, միտքն ու գործը: Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղու-թեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն ընչաքաղցութեամբ: Սիրտս փլած է…

            Լսել առանց մեկնաբանութեան:

 

ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒ ՄՇԱԿՈՅԹ

 

            Ինչպէ՞ս յառաջացնել հանդուրժողութեան մշակոյթ, նախ ներազգային կեանքի մէջ, մենք մեզմէ դուրս նայելէ առաջ: Այդ ընելու համար, արժէքներու համակարգ պէտք է ստեղծել, յաղթահարելով դիրքապաշտութեան, դրամի իրաւունքով եւ մաքիավէլական ճապկումներով  հաստատուած իշխանութիւնները, ընչաքաղցութիւնը հեռացնելով որոշիչ ազդակի իր դերէն, եւ անոր հետքերուն վրայէն քալող խարդաւանանքներէն: Ներքնապէս հզօր ժողովուրդն է, որ կրնայ մօտիկ եւ հեռաւոր դրացիին հետ փոխ-հանդուրժողութեան ընթացքի մէջ մտնել:

            Ինչ որ ըսուի եւ պատահի, հանդուրժողութիւնը միակողմանի չի կրնար ըլլալ: Երբ ան միակողմանի է, կը նշանակէ ընդունիլ անիրաւութիւնները, անտեսումները, իրաւազրկումները, պարզ՝ ստրկացումը իր բոլոր ձեւերով: Հանդուրժողութիւնը պէտք չէ դառնայ «խաբուածներու սակարկութիւն», ֆրանսացիները կ’ըսեն՝ marché des dupes…

            Պէտք է զարգացնել հանդուրժողութեան մշակոյթ, իրաւունքի, արդարութեան, յարգանքի, սխալներու սրբագրութեան եւ անոնց կրկնութեան առաջքը առնելու կոչուած երաշխիքի հիմերու եւ արժէքներու վրայ: Այդ կ’ըլլայ ճիշդ վերաբերում եւ դաստիարակչական ծրագիր:

            Հանդուրժողութիւնը պատմութեան ուրացումը չէ, այլ այն ազնիւ եւ ազնուական վերաբերումը, որ պատմութիւնը կը վերադարձնէ իր արդար հունը: Հարուքի Մուրաքամի, ժամանակակից ճաբոնցի գրողի խօսքը այսօրուան եւ վաղուան իմաստութիւնը պէտք է ըլլայ կախարդի աշկերտի խաղերուն անձնատուր ըլլալէ առաջ. «Պատմութենէն խլել իր ճշմարտութիւնը, նոյնն է երբ անձէ մը կ’առնուի իր անհատականութիւնը: Այդ ոճիր է:» Ոճիրները մոռնալու ճապկումները իրենց կարգին ոճիր են:

            Հանդուրժողութիւնը նոր ոճիրներու առջեւ բաց դարպաս պէտք չէ ըլլայ: Ան տարբերութիւններու հանդէպ յարգանքն է, փոխադարձութեան սկզբունքով, արդարութեան եւ ճշմարտութեան խորքի վրայ:

            Այլապէս սխալներու եւ ոճիրներու բարենիշ կը տրուի, դուռը բաց ձգելով անոնց կրկնութեան առջեւ:

            Հանդուրժողութիւն-անհանդուրժողութիւն զոյգը պէտք չէ դիմաւորել որպէս իմաստունի նորաձեւութեան պարեգօտ, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն՝ մոտայիկ, այլ որպէս իրաւութեան հիմերու դրուելիք ճշմարիտ մարդկայնութիւն, հիւմանիզմ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles