Լրահոս

ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ՝ ՔԵՍԱՊԻՆ ՀԱՄԱՐ

protest-kessab  ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնը, հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեցին, որ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն կապակցութեամբ, զոյգ միութիւնները բողոքի ցոյց մը կը կազմակերպեն Մ.Ա.Կ.-ի Հայաստանի գրասենեակին առջեւ:

Ցոյցը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 27-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին Թուրքիա կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնը, եւ ՄԱԿ-էն կը պահանջէ կատարել իր իսկական առաքելութիւնը` դատապարտել եւ կանխել Թուրքիոյ կողմէ կատարուած քեսապահայութեան ռմբակոծումները եւ աշխատիլ անոնց բնակութեան վայրին վերադարձը ապահովելու ուղղութեամբ:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button