Գլխաւոր

Բողոքի Ցոյց՝ Հայաստանի Գլխաւոր Դատախազութեան Առջեւ

ԵՐԵՒԱՆ․- Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբերին, Հ․Հ․ Գլխաւոր դատախազութեան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը՝ ի պաշտպանութիւն բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն:

Հ․Յ․Դ․-ի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ հաւաքուած են դատախազութեան դիմաց, որովհետեւ այս մարմինն է մայր օրէնքը՝ Սահմանադրութիւնը խախտողը: «Հ․Հ․ Սահմանադրութեամբ գլխաւոր դատախազութիւնն այն միակ ու բարձրագոյն մարմինն է, որը պետութեան անունից քրէական հետապնդման բացառիկ լիազօրութեամբ է օժտուած, որը պարտաւոր է հետեւել իրականացուող պատժի եւ հարկադրանքի միջոցների օրինականութեանը», յայտնեց Մինասեան:

Հ․Յ․Դ․-ի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան»խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան ըսաւ․- «Իրաւական ամբողջ համակարգը ուշադրութեան տակ է, եւ կան շատ քիչ դատաւորներ, որոնք պատրաստ են անկախ որոշումներ տալ: Պէտք է ժողովրդական ճնշում լինի, եւ այս իշխանութիւնը հասկանայ, որ ինքը չի որոշելու մեր ժողովրդի ապագան»։

Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան յայտնեց, թէ «Երկրում կան հինգ տասնեակից աւելի քաղաքական բանտարկեալներ, ովքեր այսօր գտնւում են անազատութեան մէջ բացառապէս նրա համար, որ ունեն սեփական տեսակէտ, պայքարում են հայկական ինքնութեան համար եւ հաշտ չեն այսօրուայ իշխանութեան վարած այս հակահայ քաղաքականութեան հետ»։

Բողոքի հաւաքին ընդառաջ, մեծ թիւով ոստիկաններ տեղակայուեցան դատախազութեան մօտ: Ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Շէնգաւիթի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, ուր տեղի կ՛ունենար Բագրատ Սրբազանի եւ 18 արդարներու դատավարութիւնը:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button