
Ամերիկահայ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, միասնաբար բողոքի նամակ մը պատրաստած են եւ յղած Ա.Մ.Ն. նախագահ Օպամային:
«Կոչ կ՛ընենք դատապարտելու Ատրպէյճանի յարձակումը, նաեւ Պաքուին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը կասեցնելու, Արցախին արտակարգ իրավիճակներու մէջ նախատեսուած օգնութիւն տրամադրելու, Պետական բաժանմունքէն մասնագիտացած խումբ մը գործուղելու` գնահատելու համար ազերիներու յարձակման հետեւանքով գործուած աւերին վերաշինութեան աշխատանքերը:…Նաեւ կոչ կ՛ընենք ձեզի, հրաժարելու Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործելաոճէն: Յետագայ յարձակումներն ու վատթարացած կացութիւնը կանխելու նպատակով, կոչ կ՛ընենք դադրեցնելու ռազմական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին եւ, հաւատարիմ մնալով ամերիկեան արժէքներուն, առաջին օգնութիւնը ցուցաբերելու Արցախի բնակչութեան», կը նշուի նամակին մէջ:
Հայ Դատի յանձնախումբին կողքին, կուսակցութիւններ, միութիւններ, կազմակերութիւններ եւ հիմնարկներ ստորագրած են այս բողոք-նամակը: