
Յ. Պալեան
«Գրականութիւն» եզրը, իր գեղարուեստական ըմբռնումէն զատ, ունի աւելի լայն հասկացողութիւն մըն ալ, օրինակ, երբ կ’ըսենք, թէ ընդարձակ գրականութիւն կայ արհեստներու մասին, նախնական ընկերութիւններու մասին, աստղագիտութեան մասին, յեղափոխութեան եւ ազատագրական պայքարի մասին, ընկերային գիտութիւններու մասին: Այսինքն, բոլոր «գրուած բաները», կամ գիրքերը, ընդհանրացումով, կը համարենք գրականութիւն: Բառի կազմութիւնը այդ կը յուշէ. ինչ որ կ’ըլլայ գիրով: Ինչպէս գործնականը՝ գործով եղած՝ յեղափոխականը՝ յեղափոխութեամբ եղած, արհեստականը՝ արհեստով եղած:
Գրականութիւն եզրը մեր մէջ եւս, հետեւութեամբ արեւմտեան հոլովոյթին, յստակացաւ որպէս իմաստ եւ ստացաւ գեղագիտական իմաստ: Գրականութիւնը այսօր չի նշանակեր ինչ որ կայ գիրքերու մէջ, այլ ինչ որ գրուած եւ ըսուած է գեղեցիկի ստեղծագործական միտումով եւ արտայայտութեամբ: Այսինքն, գրականութիւնը արհեստ չէ, որ իրականութեան պատկերը կը վերարտադրէ ինքզինք կրկնելով, այլ գեղեցիկի նուաճում, եւ գեղեցիկը եզակի է, կրկնութիւն չէ: Գեղեցիկը եւ եզակին գրամոլական մարմաջ չեն: Գրականութիւն սիրել եւ գրականութեան նուիրուիլ անպայման գեղեցիկի եւ եզակիի նուաճում չեն: Օրինակ, գրախօսականը, նոյնիսկ գրական քնննադատութիւնը եւ վերլուծումը գեղեցիկի եւ եզակիի նուաճում չեն, սիրողական կամ գիտական վերաբերումներ են, կը ծառայեն դաստիարակութեան, ծանօթացման եւ քարոզչութեան: Գրախօսողը կամ քննադատը կրնան շատ աւելի բան գիտնալ քան, բայց ստեղծագործող եւ նուաճող չեն: Այլ խօսքով լաւ է գիտուն ըլլալ, բայց այդ բաւարար չէ «գրականութիւն» ստեղծելու համար:
Գրականութիւնը մաս կը կազմէ «հաղորդակցական» միգամածին, ինչպէս մամուլը, հեռատեսիլը, ձայնասփիւռը, որոնք տեղեկութիւն կը փոխանցեն, կը ծանօթացնեն, քարոզչութիւն կ’ընեն, որոնց տարողութիւնը եւ որակը այլապէս քննելի կրնան ըլլալ: Գրականութիւն եւ հաղորդակցական միջոցներ կ’օգտագործեն այս կամ այն լեզուն, անոր հնարւորութիւնները, «հասնելու» համար ընթերցողին կամ ունկնդիրին, անոր յուշելու համար տեղեկութիւն (անմիջական՝ որ քաղաքական է, պատմութիւն, գիտութիւն), դատում, կարծիք: Գրականութեան պարագային՝ այդ բոլորը կ’անցնի գեղեցիկի բովէն:
Հաղորդակցական միջոցներու անմիջականութեան, անմիջականօրէն մատչելիութեան եւ արհեստագիտական միջոցներու յառաջացուցած արագութեան բերումով, տեղեկատուական դաշտը կը հեղեղուի: Ընկալողը հեղեղին դիմաց ջոկելու ժամանակ չունի, այսինքն կը զրկուի այդ ընելու ազատութենէն: Այդ պատճառ է նաեւ որ որակի համար խնամքը նուազի, որ առաջին հերթին կ’անդրադառնայ լեզուին: Զանգուածային լրատուութեան էջ եւ ժամ լեցնելու մնայուն լարումը որակի եւ դատումի դաշտը կը սեղմեն, ոչ միայն մեր «փոքրիկ ածու»ի պարագային:
Լեզուն, իր հնարաւորութիւններով, ընթերցողին եւ ունկնդիրին կը յուշէ ըսուածէն աւելին, իր բառերու ընտրութեամբ, ոճական կառուցումներով, պատկերներով: Հոս է որ քարոզչութեան (որուն նպատակը գեղեցիկը չէ, որ անմիջականութիւն է, դատապարտուած՝ յաջորդ անմիջականով փոխարինուելու) եւ գրականութեան միջեւ (որ գեղեցիկի եւ ստեղծագործութեան արարում է) խրամատ կը բացուի: Քարոզչութեան, մանաւանդ քաղաքական, լեզուական գործածուող բառապաշարը խիստ սահմանափակ է: Ան պէտք չունի լեզուի հարստութեան ամբողջ ստեղնաշարին: Համաշխարհայնացման խօլ արշաւի ընթացքին, այդ ստեղնաշարին մէջ կը ներմուծուին «համաշխարհայնացած» բառեր, որոնց առջեւ բաց են քաղաքական հզօրութիւն չունեցող եւ փոքր ժողովուրդներու լեզուական-մշակութային դարպասները, պահակ չունին, այսինքն բառեր եւ ըսելաձեւեր կը կրկնուին եւ կը կապկուին: Ի հարկէ, մտածելով հանդերձ ընդհանրական ձեւով, կը մտածեմ մեր կացութեան մասին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Ինչպէս ասկէ առաջ նկատել տուած եմ տարբեր առիթներով, անցեալին հայ մամուլը հայ գրականութեան տնկարան եղած է: Այսօր այդ մամուլին մէջ գրականութեան տեղ չկայ, այնքան առատ են քաղաքական, տնտեսական եւ մարզական լուրերը, հայկական (Հայաստանէն եւ սփիւռքներէն) եւ միջազգային, իրենց մանրուքներով, որ ոչ ոք կը մտածէ գեղարուեստական գրականութեան էջ բանալու, մանաւանդ որ հայկական թերթերու էջերը սահմանափակ են: Քաղաքական կոչուած լրատուամիջոցները բացասական կերպով դերակատար են լեզուապահպանութեան եւ լեզուաշինութեան մարզին մէջ, լեզուի ոճական որակի եւ գրականութեան զարգացման: Ո՞վ կը յիշէ այսօր «Մշակ»ը եւ «Ազատամարտ»ը, թերթեր՝ որոնք եթէ չըլլային, ինչ կ’ըլլար արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութիւնը, Րաֆֆին եւ Զօհրապը: Այդպէս եղած է նաեւ օտարներու պարագային: Ֆիոտոր Տոսթոյեսկիի հռչակաւոր վէպը, «Ապուշը», թերթօնի ձեւով լոյս տեսած է, 1868-1869-ին, եւ հինգ տարի վերջ լոյս տեսած է առանձին զոյգ հատորներով:
Գրականութեան սեռերը կան, անոնք իրենց հունով կը ձգտին գեղագիտական նուաճման. վէպ, բանաստեղծութիւն, թատրոն: Անոնց ընթացիկի եւ առօրեականի բովանդակութիւնը կարելի է տեսնել կեանքի մէջ, լրատուամիջոցները կրնան խօսիլ այդ մասին: Գրականութիւնը այդ բովանդակութեան այլապէս ձեւաւորումն է, գեղեցիկի դրոշմով, որ զայն իր ժամանակի եւ մասնաւորի սահմանափակումներէն կ’ազատագրէ: Օրինակ, Յակոբ Կարապենցի վէպի, («Ադամի Գիրքը», 1983), կերպարներուն կը հանդիպէինք երէկ, կրնանք հանդիպիլ այսօր կամ վաղը, անոնք մեր կողքէն կ’անցնին, բայց գրողը այդ «կեանքեր»ը քանդակած է, ինչպէս մարմարէն դուրս եկած արձանը, թերթին մէջ կարդացուած ոճիր-արկած չէ, հեռատեսիլի սփռած ինքզինք կրկնող ժամանցի պատկեր-պատմութիւն չէ: Գրականութիւնը կեանք եւ ճակատագիր կը ձուլէ, անոնց մէջ սեւեռելով ինչ որ յաւերժական է, արժէք է, գեղեցիկ:
Գրականութիւնը քարոզչականի եւ օգտակարի բեմադրութիւն չէ, այդ լրատուամիջոցներու եւ բարձրախօսներու զբաղում է: Գրականութիւնը, իր տարբեր արտայատութիւններով, անմիջական պահանջ բաւարարող օգտաշատի միտում չէ, ան մարդկութեան յառաջընթացի, այսինքն քաղաքակրթութեան ճառագայթում է, սերունդին համար եւ սերունդներէն անդին, որ պարզացուած տեղեկատուութենէն անդին, ապրողի, կեանքի եւ ընկերութեան բարդ կացութիւններու եւ ապրումներու յագեցած պատկեր է, շարունակութիւն եւ սկիզբ, այսօրուան եւ վաղուան համար, ան ըլլայ արուեստ թէ յանձնառու գրականութիւն:
Գրականութիւնը կամուրջ է համամարդկային հոլովոյթի ովկիանոսին վրայ: Այդ կամուրջը ժողովուրդներու միջեւ ցարդ կը ձգուէր գիրքերով, եւ հեղինակները կը խօսէին երկիրներու եւ մարդոց հետ առանց անոնց հանդիպելու: Այսօր այդպէս է դեռ: 2015-Նոպէլի գրականութեան պելոռուս դափնեկիրին՝ Սվետլանա Ալեքսիեւիչի՝ հետ ֆրանսացիները խօսեցան իր թարգմանուած գիրքերով, բաբախելով քսաներորդ դարու մարդոց եւ անոնց ցաւին հետ: Այս կամուրջին նոր ձեւ եւ տարողութիւն կրնայ տալ թուայնացումը, տարածման տեսակէտէ, բայց պիտի պահէ ընթերցանութեան կեդրոնացումը, ինչպէս այդ եղած էր անցեալ դարերուն, թերթօններու հրատարակութեամբ:
Գրականութիւնը իր հոգեբանական, իրապաշտական եւ յանձնառու ձեւով (Սթանտալ, Պալզաք, Սարթր) վաւերական կ’ըլլայ երբ գեղագիտական եւ լեզուական նուաճումի կը հասնի: Անտեղի ինքնատպութեան եւ տպաւորելու մարմաջը, գրգռութիւնը, բառերու չարչարանքով զուարճանալու ճապկումները, չեղածի համար փոխհիացումները, ստեղծագործութեան չեն տանիր, քանի որ անմիջականէ անջատուող կամուրջ դառնալու գեղեցիկը կը պակսի:
Պէտք է խօսիլ, գրականութեան զարգացման հեռանկարով, իսկական հրատարակչական կազմակերպութեան մասին,- ոչ միայն տպագրութիւն: Հրատարակչութիւն՝ որ գիտնայ ընտրել առանց ծանծաղելու ընկերակողմնապաշտական հաճոյակատարութիւններու մէջ, որոնց աղբիւսին վրայ կ’աճի գրամոլութեան աղէտը: Մեր պարագային, գրականութիւնը կարիք ունի պետական օժանդակութեան եւ նեցուկի, նաեւ սփիւռք(ներ)ի մէջ: Բայց նաեւ կազմակերպութեան՝ հայ գրականութիւնը հասցնելու համար հայոց, որ ազգին կը բերէ բարձրախօսներէ հոսող աղմուկէն տարբեր որակ:
Այս հարցերը օրակարգ կը դառնա՞ն հոն ուր մեծանուն (կամ այդպէս կարծուած) ժողովներ կը գումարուին: Ժամանակ ունի՞նք «սպասէ եւ տես»ի, wait and see-ի…
Թղթածրարը բաց է, եթէ խօսող ու մտահոգուող ըլլայ:
Բայց պէտք է գիտնալ, առաքինութեան վերածել, գրամոլական-ցուցական-կողմնապաշտական ճահիճին մէջ չխրելու ազնուութիւնը: Յանգ յարմարցնելը բանաստեղծութիւն չհամարել: Կը յիշեմ Անդրանիկ Ծառուկեանը, որ գրամոլներու բանաստեղծութեան համար երբ կը խօսէր, կ’ըսէր՝ «Երկու կանգուն կտաւ // արեւը մարը մտաւ»…