
ԵՐԵՒԱՆ.- Բերձորի միջանցքը Օգոստոս 30-ի երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ փակուեցաւ հայորդիներուն համար: Հայաստան-Արցախ երթուղին պիտի կազմակերպուի ժամանակաւոր ուղիով, որ կը շրջանցէ Աղաւնոն եւ Բերձորը ու Արցախ կը տանի Շուշիի Բերդաձորի ենթաշրջանի գիւղերով:
Մինչեւ յաջորդ տարի, երբ պատրաստ պիտի ըլլայ նոր ճամբու հայաստանեան հատուածը, պէտք է անցնի Կոռնիձորով եւ ժամանակաւորապէս պիտի գործէ Արցախի Աղաւնոյ գիւղը եւ Բերձոր քաղաքը շրջանցող հատուածը, որ այնուհետեւ պիտի միանայ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին:
Այս ճանապարհի ապահովութեան կը հսկեն ռուս խաղաղապահները, որոնք արդէն տեղակայուած են Ստեփանակերտ-Գորիս նոր երթուղիի 4.7 քիլոմեթր հատուածին մէջ։
Այդ ճամբան ամբողջութեամբ կուպրապատուած է: Ատրպէյճանցիներու կողմէ շտապօրէն կառուցուած կամուրջով կը միանայ հարաւային շրջանի գիւղերուն։ Ասիկա ժամանակաւոր լուծում է, մինչեւ որ աւարտի Գորիսէն մեկնարկող հիմնական ճամբու շինարարութիւնը: Ունի 13 մղոն (21 քիլոմեթր) երկայնք եւ 36 ոտք (11 մեթր) լայնք։
Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի բանբեր Վիքթորիա Պետրոսեան յայտնեց, թէ ամբողջ տարուան ընթացքին ուղին պիտի գործէ եւ մասնագէտները պիտի հսկեն, որպէսզի եղանակային պայմաններու պատճառով երթեւեկի հարց չծագի։
«Արցախը Հայաստանին կապող նոր երթուղիի ժամանակաւոր այդ հատուածը ամբողջութեամբ ասֆալտապատուած է: Այն գործելու է նոյն տրամաբանութեամբ, ինչ Ստեփանակերտ-Գորիս-Բերձոր ճանապարհը: Նոր երթուղին արդէն գործում է, մինչեւ Արցախը Հայաստանին կապող միջանցքի հիմնական ճանապարհահատուածի կառուցման աւարտը: Ներկայում ռուս խաղաղապահները տեղակայուած են այնտեղ ու վերահսկողութիւն են իրականացնում», նշեց Պետրոսեան։
Սիւնիքի Տեղ գիւղի Կարմիր Հող կոչուող տարածքին կը գտնուին Արցախի սահմանապահ զօրքերը, որոնք կը ստուգեն անձնագրերը, այնուհետեւ մինչեւ Մեծ Շէնի հատուած գոյութիւն ունին ռուս խաղաղապահներու չորս անցակէտ, որոնցմէ երեքը անձնագրեր եւ ինքնաշարժներու բեռնախցիկները կը ստուգեն: Նաեւ ռուսական զօրախումբեր դիրք հաստատած են նորակառոյց կամուրջի երկու կողմերը:
Օգոստոսի 26-ին Ատրպէյճանի բանակը մուտք գործեց Լաչինի երեք բնակավայրեր` Բերձոր, Աղաւնոյ, Սուս: Մուտքը աղմկոտ եւ «ցուցական» տեսարաններով էր: Նախ Բերձորի ցուցանակը փշրեցին, ապա ատրպէյճանական երաժշտութեամբ Աղաւնոյ մուտք գործեցին եւ ի վերջոյ ատրպէյճանական զինուորական ինքնաշարժներու շքերթը շարունակուեցաւ:
Մեծ Շէնի համայնքապետ Դաւիթ Դաւթեանի խօսքով, Հայաստանը Արցախին կապող նոր միջանցքի այս հատուածին մէջ ճամբորդներու համար ծառայութիւններ դեռ չկան` խանութ, սննդի կէտ, պարենաւորում. – «Նման բաներ չկան: Ցանկութիւն յայտնողներ կան։ Դիմել են, ասում են` էս պահին ինչ-որ շինարարութիւն չենք ուզում անենք, քանի որ անորոշ է»:
Մեծ Շէնի շրջանին մէջ ընդամէնը 26 ընտանիք կ՛ապրի: Դատարկ տուներ կան, բայց անոնք կիսաքանդ են եւ կարելի չէ բնակութիւն հաստատել։ Համայնքնապետը կը կրկնէ, որ Հայաստանը Արցախին կապող այս միակ ճանապարհի վրայ համարձակ ներդրումներ դեռ չկան, որովհետեւ անորոշութիւնը մեծ է: