
ՊԷՅՐՈՒԹ․- Հայկազեան Համալսարանը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ հաստատութեան “Տէրեան” հայագիտական գրադարանը Ապրիլ 27 -ին հարստացաւ հանրածանօթ բեմադրիչ Նիկոլ Պէզճեանի արխիւներով:
Նիկոլ Պէզճեան հեղինակն է աւելի քան քսան գեղարուեստական եւ վաւերագրական ֆիլմերու, որոնցմէ շատերը ներկայացուած են միջազգային փառատօներու եւ արժանացած մրցանքներու:
Տեղին է նաեւ նշել, որ վերջին երկու տասնամեակներուն Պրն. Պէզճեան Հայկազեան Համալսարանի զոյգ գրադարաններուն նուիրած է բազմաթիւ գիրքեր եւ լսատեսողական իրեր:
Նիկոլ Պէզճեանի արխիւները ուսումնասիրողներու հասանելի պիտի ըլլան նուիրատուին եւ Համալսարանի միջեւ կայացած որոշ պայմաններով:
Նախագահ Վեր. Հայտօսթեանի ուղղուած նամակին մէջ, Պէզճեան ի միջի այլոց, կը գրէ. «1997-ի գարնան երբ Լիբանան տեղափոխուեցայ, հայագիտական գրադարանը հանդիսացաւ երկրորդ տունս: Իսկ այդ թուականէն ետք պատրաստած Ֆիլմերուս համար մեծապէս օգտուեցայ Հայագիտական գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն: Աւելի՛ն, Պէզճեան գերդաստանը 19-րդ դարէն սկսեալ մեծ ներդրում ունեցած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ըլլալով նոյնիսկ հիմնադիրներէն Այնթապի Գոլէճին»:
Բեմադրիչը իր արխիւները Հայկազեան Համալսարան յանձնելով կը յուսայ, որ սփիւռքատարած հայագիտական կեդրոններ յաւելեալ ճիգ թափեն հայ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու արխիւները իրենց յարկերէն ներս համատեղելու: