Լրահոս

Բեկոր Աշոտի Մահուան 27-րդ Տարելիցի Նշում

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Յատուկ հաւաքով մը նշուեցաւ Բեկոր Աշոտին (Աշոտ Ղուլեան, Ասկոլկա) մահուան 27-ամեակը:

Արցախի հերոսի յիշատակի օրը` Օգոստոս 24-ին, Ստեփանակերտի մէջ  տեղադրուած անոր յուշարձանին մօտ իրենց յարգանքի տուրքը  մատուցեցին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեան, Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, Բեկորի մարտական եւ կուսակցական ընկերները, ընտանիքի անդամները, անոր անունը կրող դպրոցի ուսուցիչները, աշակերտներ, մարզիկներ:

Ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցաւ Աշոտ Բեկորի յիշատակին Արցախի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յուշամրցաշարքի բացումը: Մրցաշարքին մասնակցեցան Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի քան 150 մարզիկներ:

Բեկորի այրի Նելլի Ղուլեան նշեց, որ այդ տխուր յիշատակի օրը իրենց համար մեծ սփոփանք է, որ իրենք մինակ չեն:

Advertisement Subscribe Today

Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցի ուսուցչուհի Կարինէ Դադայեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Բեկորի ու անոր մարտընկերներուն օրինակով մատաղ սերունդը դաստիարակելը: «Անոնց կենդանի շունչը ամէն օր ոգի կու տայ հայ մանուկներուն եւ մեզի», յայտնեց Կարինէ Դադայեան:

Աֆղանիստանի պատերազմի վեթերաններու միութեան նախագահ, ազատամարտիկ Վահրամ Ղահրամանեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Աշոտ Ղուլեան արժէքը կը ներկայացնէ մեր անցած ամբողջ մարտական ուղին, կ՛ամբողջացնէ յաղթանակի ճամբան. «Աշոտ Ղուլեանը բոլորիս մտապատկերին մէջ մնացած է նոյն ժպտերես, ծաղկուն դէմքով տղան, մենք կը մեծնանք, կը ծերանանք, բայց ինք մեր բոլորին մտապատկերին մէջ կը մնայ նոյնը»:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն  մէկուն սարկաւագը` գնդերէց Մանաւազդ սարկաւագ Մկրտչեան անդրադարձաւ Բեկորի մարդկային բարձր տեսակին։

«Բեկորը եւ անոր նմանները զոհեցին ամէնէն սուղը` յանուն այն հայրենիքին, որուն մէջ այսօր մենք կ՛ապրինք: Աշոտ Ղուլեան իր կեանքը բեկորներու բաժնեց ու նուիրեց մեզի եւ անոր բեկորները այսօր անթեղուած են բոլորիս սրտերուն ու հոգիներուն մէջ եւ կ՛արտայայտուին մեր գործերու տեսքով», ըսաւ ան։

«Ամէն հայ պէտք է զգայ, որ առանց իրեն հայրենիքը կը փլի»: Այս խօսքերը կը պատկանին Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր, Հ․Յ․Դ․ անդամ Բեկոր Աշոտին (Աշոտ Ղուլեան, Ասկոլկա):

Հայ Դատի պայքարի յառաջամարտիկ դրօշակիրներէն է ան։ Աշոտ Ղուլեան ծնած է Պաքու, 1959 թուականի Հոկտեմբերի 6-ին: 1975ին, Ղուլեաններու ընտանիքը տեղափոխուած է Ստեփանակերտ, ուր ուսանած եւ 8րդ դասարանը աւարտած է Աշոտ։ 1977-ին զօրակոչուած է խորհրդային բանակ, որու շարքերուն մէջ ծառայած է մինչեւ 1979: Զօրացրուելէ ետք, անմիջապէս նետուած է կեանքի ասպարէզ՝ միաժամանակ երեկոները հետեւելով ուսման։

1985-ին աւարտելով ուսումը՝ ան ամուսնացաւ եւ Աշոտ ու Նելլի Ղուլեանները ունեցան երեք որդի՝ Արթուր, Հմայեակ եւ կրտսերը՝ Բեկոր, որ ծնաւ հօր զոհուելէն քանի մը ամիս ետք:

 

Բեկոր¬Աշոտ անզուգական ներդրում ունեցաւ դաշնակցական ֆետայիի նորօրեայ աւանդի կերտումին մէջ՝ իր անձնազոհութեամբ, գաղափարապաշտութեամբ եւ խիզախութեամբ կենդանի առասպել դառնալով։

Բեկոր իր մարտական մկրտութիւնը ստացաւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանին մէջ՝ Իջեւանի ուղղութեամբ ռազմաճակատի վրայ, ուր թշնամին արդէն սկսած էր իր ոտնձգութեանց:

Մինչեւ Արցախի «իսկական» պատերազմական գործողութեանց սկզբնաւորումը, ան մասնակցած է հայդուկային¬հրոսակային շատ գործողութիւններու: Այդ շարքին յատկապէս յիշատակելի է բեկորի ղեկավարած կարեւոր խափանարարական գործողութիւնը՝ Քելպաճարի մէջ ատրպէյճանական ռազմական շարասիւնին վրայ յարձակումը եւ այս վերջինին ոչնչացումը:

Դաշնակցութեան անդամագրուելով՝ Բեկոր շատ կանուխէն եւ շատերէն առաջ յանգեցաւ այն համոզումին, որ Արցախի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան համար նախապայման էր ստեղծել մշտական, կանոնաւո՛ր բանակ՝ իր կառուցուածքով եւ գաղափարապաշտ երկաթեայ կարգապահութեամբ: Այդպէ՛ս 1991-ին, երբ սկսաւ Արցախի կանոնաւոր բանակի առաջին զօրամասներուն կազմաւորումը, Բեկորին առաջարկուեցաւ գլխաւորել առաջին վաշտը, որուն կորիզը նոյնինքն իր ղեկավարած ջոկատն էր:

Բեկոր մասնակցեցաւ Արցախի տարածքին մղուած մարտերու մեծ մասին՝ Ասկերան, Հադրութ, Շահումեան, Վերին շէն, Բուզլուխ, Մանաշիդ, Մալիբեկլու, Խոջալու, Կրկժան, Լեսնոյ, Քարին տակ, Շուշի, Լաչին, Մարտակերտ, Կուսապատ, Մաղաւուզ, Սրխաւենդ, Բաշ-Գիւնեփայա, Օրթա-Գիւնեփայա, Դրմբոն…

Բեկոր-Աշոտ Ղուլեան բացառիկ տաղանդով օժտուած հերոս անձնաւորութիւն էր՝ բնածին զինուորական, առաջամարտիկ, նախաձեռնող, համարձակ, վճռական, խիզախ ու հնարամիտ: Բեկոր ի հրամանատարական տաղանդը փայլեցաւ յատկապէս 1992-ի Մայիսին, Շուշիի ռազմագործողութեան իրականացման ժամանակ։ Առաջին վաշտը, ԲԵԿՈՐի գլխաւորութեամբ, եղաւ յառաջապահը, որ մուտք գործեց հայկական գերեալ քաղաքը եւ սկիզբ դրաւ անոր ազատագրման:

Բայց 1992-ի Օգոստոսի 24ին Դրմբոն գիւղի ազատագրման համար մղուած մարտը եղաւ վերջինը… անզուգական Բեկորին։ Այս անգամ գնդակը մահացու էր, եւ ան հեռացաւ այս աշխարհէն՝ երթալու եւ համալրելու համար անմահ փաղանգը հայոց քաջարի հերոսներուն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button