
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրը, հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Արցախի գրասենեակին։
Ներկայ էին Արցախի նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթաննէս եպս. Աբրահամեան, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան,Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Հանրապետութեան հռչակման օրուան առիթով Արցախ գտնուող «Հայաստան« եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու անդամներ, Արցախի խորհրդարանի պատգամաւորներ եւ հիւրեր:
Գրասենեակին բացման առիթով ուղերձ յղեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ դիտել տուաւ, թէ 1988-1994ի ազատամարտով հայ ժողովուրդը կրցաւ միացեալ ջանքերով եւ արեան ու քրտինքի գնով կերտել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որ կը հանդիսանայ ամբողջական Հայաստանի մեր տեսլականին առաջին հանգրուանը:
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Արցախի գրասենեակը պիտի ղեկավարէ Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Գէորգի Պետրոսեան: Անիկա պիտի գործէ Հ.Յ.Դ. Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ:
Բացման ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցան Արցախի միջազգային բարեկամներու «Pro Artsakh» ցանցի անդամներուն ուղերձները՝ նուիրուած Արցախի 30-ամեայ յոբելեանին եւ Արցախի մէջ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի գրասենեակի բացման: