
Գէորգ Պետիկեան
bedig43@aol.com
Շատերու նման, ես ալ այս տարի Երեւան եկայ սակայն այս անգամ երկար շաբաթներու համրանքով մնալու: Պտոյտ, այցելութիւն: Հարց մը չէ: Ու ամէն անգամուան նման եւ աւելի կարօտիս կողքին ունէի սքանչացում մը, որ մեծ վկան էր հիացմունքիս:Այսպէս, ամէն օր եւ ամէն առիթով կը ժպտէի Արարատին, արեւուն, ժամանակին, երիտասարդներուն եւ կեան-քին: Երջանիկ էի: Հաստատապէս կեցած էի էութեանս շեմին ու հոն կանգնած: Ամէն օր, օտար եւ կամ «չտես» զբօսաշրջիկի նման, առանց յոգնելու ժամերով կը քալէի պատմական անուն-ներ կրող փողոցներէն, պողոտաներէն, հրապարակներէն: Հսկայ ու մանր շէնքերու ու թրքա-կան ապրանքներով լեցուն խանութներու ու «մարքէթ»ներու, ու մանաւանդ թատերասրահնե-րու առջեւ երկար «կը սլքտայի» եւ ամէն քայլափոխիս հոգիս ալ իր կարգին թէ՛ կը պոռթկար եւ թէ՛կը հրճուէր: Անկեղծօրէն, ըսելով առաջին անգամս չէր, որ հայրենիք կ՛այցելէի, սակայն ինծի այնպէս կը թուէր, թէ իրապէս նոր եկած էի այս երկիրը: Կարծես հայրենի ժողովուրդի կողքին, նաեւ անհուն կարօտը ունէի հայ աշակերտներու բերնէն լսելու մեր մայրենին: Գեղե-ցիկ ու թրթռուն: Խորհուրդ մը կար ասոնց մէջ Կոմիտասեան երաժաշտութեան համազօր եւ հոգիները լուսաւորող: Կարծես նոր կը ճանչնայի այս հողը: Ուրախ էի, որովհետեւ պապերուս հողին վրայ էի, Արշակ թագաւորը յիշեցնող հպարտութեամբ: Կարծես նոյն ինքն Արշակն ըլլայի, իսկ հոգիս ալ իր առաջին թռիչքը առնող թռչուն մը:
Բայց այս եւ նման հրճուանքի պահերու ետին, կար նաեւ կեանքի միւս երեսը: Երկրէն ներս օրէնքը՝ օրէնք հակասող երեսը: Տեսանելի էր այս մէկը: Անոր համար էր, որ շատերու մօտ ատելութիւնը գողցած էր երկրին ու «մեծերուն» հանդէպ ունեցած յարգանքն ու սէրը, նոյնիսկ գիտակցութիւնը: Տակաւին ուրիշներ իրենց կեանքը շփոթութիւններով լեցուցած էին:Մարդիկ, հազարաւորներ, կը ցանկային բայց, չէին կրնար ունենալ: Նոյն մարդիկ, մայթերուն վրայէն կը քալէին, մտածկոտ, անանուն ցաւեր շալկած: Շատեր նոյնիսկ տառապանք հագած էին: Այս բոլորը շօշափելի եւ նոյնքան երեւելի ալ էին: Առաւել՝ այցելութեանս առաջին օրերուն մայրա-քաղաքին կեդրոնը կային լուռ եւ նոյնքան ալ աղմկոտ բողոքներ, երեկոյեան ցոյցեր, ընդվզու-մի պոռչտուքներ: Բացայայտ էր, թէ բոլորն ալ զոհերն էին աննպաստ պայմաններու: Շատե-րու երազները խորտակուած էին, ուրիշներու աչքերը դէպի օտարութիւն նետուած:
Բայց եւ այնպէս՝ այս մեր հայրենիքն էր. բոլորիս հայրենիքը: Երկիր մը, որուն ներքին եւ արտաքին թշնամիները իրենց վիզերը երկարած ամէն վայրկեան կը դիտէին ու կը փորձէին զինք ու իր սահմանները արիւնով ներկել:
Հայաստան կ’ըսեմ ու կը կրկնեմ դուն մեր «երկիր դրախտավայրն» ես, քու անցեալովդ, քու հզօր բանակովդ, քու վկայող պայծառութեամբդ, քու քաջարի մարտիկներովդ: Դուն թէեւ անկեղծ բարեկամ կամ մնայուն դաշնակից չունիս եւ հողերդ ալ հայ մարդոցմով ծարաւ են, տակայն եւ այնպէս տակաւին աշխարհի հայութեան միակ օթեւան երկիրն ես, որ քառորդ դար առաջ այս երկրագունդի քարտեսին վրայ հպարտանքով գծագրուած էր:
Աղուոր անկեղծութեամբ մը միշտ կը կրկնեմ, եկած էի Հայաստան երկարօրէն վայելելու իր արեւն ու լոյսը, իր ամառն ու աշունը: Միտքս հայրենի հողէն սնունդ սկսած էր առնել: Այդ մէկը ինծի համար զգալի էր: Հայրենասիրութեան չեմ կապած սեփական աշխարհս: Անոր համար կը փորձէի միշտ կիսել ամէն ուրախութիւն եւ տխրութիւն: Աշխարհի վրայ չկայ մեզի նման ժողովուրդ մը, որ հայրենիքէն հեռու ըլլալով հանդերձ այնքան կապուած ըլլայ անոր:
Ու ինչ մեղքս պահեմ, իւրաքանչիւր առաւօտ, լուսաբացին կ’ուզէի անպայման տեսնել բոլոր անցորդներուն աչքերուն մէջ, իրենց երազներու իրականացումը: Աւելին՝ մանաւանդ նոր սերունդի արթուն աչքերը, որպէսզի վերջ ի վերջոյ անոնք ունենային իրենց երազած իսկական Նոր Հասյաստան մը, խորունկ, հաստատ եւ հպարտ, բարգաւաճ, ներքին ու արտաքին խաղաղութեամբ, եւ հայու հողին հաւարտարմութեան յանձնառութեամբ: Կը կրկնեմ, ամէն օր եւ իւրախանչիւր շրջապտոյտ-այցելութիւններուս այգիներու մէջ հանդի-պած պատմական յուշարձաներուն մօտ ոչ միայն կը նկարուէի, այլեւ երկար ու համբերու-թեամբ անոնց հետ կը մենախօսէի, միաժամանակ զմայլելով եւ հիանալով անոնց հանճարին եւ զոհաբերութեան, մտքին ու հոգիի պայծառութեան:
Ու հակառակ տեսանելի բոլոր «սեւերուն», «սխալներուն», ամօթալի երեւոյթներուն, տխուր եւ ցաւալի մատնանշումներուն եւ «բաց թողումներուն», մուրացիկներու շարանին, յայտնեմ, որ ընդհանրապէս հակամէտ եղած եմ առաւելութիւններ տեսնելու: Լաւատեղեակ էի, որ քաղաքական, ընկերային եւ մանաւանդ տնտեսական հարցերն էին, որոնք կը խռովէին զիս ու ինծի նման մտահոգ մարդոց հոգիները ի տես ներկայիս երկրին մէջ տեսանելի դարձած անարդարութեան, յուսախաբութեան, անիրաւութեան, անգործութեան, աղքատութեան եւ հայ մտքի կրթուածութեան բացակայութեան եւ լեցուն պայուսակներով դէպի օդակայան հասնող արտագաղթներու խումբերուն: Ճիշդ էր, որ թէեւ մեր հայրենիքի մէջ հերոսները հերոսներուն կը յաջորդէին, բայց մի մոռնաք, որ հոն թշնամիներն ալ, թշնամիներուն կը յաջորդէին: Կարդացէ՛ք պատմութեան էջերը:
Այս բոլորը կը տեսնէի, կը լսէի, նոյնիսկ հարազատներս կը մատնանշէին: Շատերու տառա-պանքին ու դժգոհանգին ականատես ըլլալով յաճախ ես ալ կը տագնապէի: Բայց միեւնոյն ժամանակ ինքզինքս կը մխիթարէի, համոզելով, թէ ամէն սկիզբ իր վերջը ունի եւ կամ ունե-նալու էր: Ուստի օր մը անպայման այս երկրի երկնակամարին վրայ, հեռուէն հովանաւորող Արարատի ներկայութեան, պիտի ծագէր նոր արշալոյսը, իր հետ բերելով նոր յոյսերով լի նոր շունչ եւ նոր կեանք:
Բացայայտ էր, թէեւ մեր երկիրը յղի էր բոլոր կարելիութիւններով, սակայն ներկայիս այնպէս կ’երեւէր, թէ ան վտանգաւոր հանգրուանէ մըն է, որ կ’անցնէր: Մեզմէ անկախ հասունցած էին դէպքերը: Սակայն՝ կարեւորն ու էականը ապագան սիրելն էր: Ահա այս մէկուն համոզուիլն էր դժուարագոյնը: Բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ այս մէկը: Բայց մինչեւ այդ բախտաւոր օրը, մեր երկրին համար պէտք էր կամք եւ սեփական ճիգերով տեղ մը հասնելու, արդարու-թիւն եւ արդարամտութեան հաստատում, ներքին ու արտաքին կայունութիւն, ազգային գիտակցութեան հասկացողութիւն եւ պատկանելիութեան բարձր զգացում:
Մէկ խօսքով՝ խաղաղութիւն էր պէտք: Բայց պէտք է նաեւ գիտնալ, որ այդ խաղաղութիւնը միայն ու միայն գերագոյն զոհողութիւններով եւ մանաւանդ զէնքով կարելի էր ձեռք բերել: Յստակ եւ հասկնալի նաեւ, թէ մեր երկրի վերնախաւն ալ ունէր իր մեծ բաժինը, այս բոլոր կտտացող ցաւերուն, երազներու կորուստին, եւ ներքին տագնապին մէջ: Բայց ինծի համար հաստատապէս համոզիչ էր, մեր նոր սերունդի ստեղծումի ոգիով զինուած ամէնօրեայ դրօշարշաւը, մեր երիտասարդներուն մտքի իրապաշտ պայծառութիւնը, անոնց ազգային եսի պաշտամունքը, որոնք յոյս կը ներշնչեն աւելի փայլուն ապագայի ձգտումի ճամբուն իրականացման: Անոր համար ամէն առաւօտ Իսահակեանի վրայ բացուող յարկաբաժինիս պատուհանէն մտովի կը պոռայի.-բարեւ Հայաստան, Դուն բոլոր հայութեան պայծառ հայրենիք, ե՞րբ համայն ազգդ քու հովանիին տակ պիտի առնես: Ե~րբ…: