
Read Time:28 Second
Իսթանպուլ
Նոյեմբեր 15, 2014
Ամենէն մտերիմ բարեկամս ես
Դուն միշտ կը պատմես, ես մտիկ կ’ընեմ:
Ետեւէս ալ չես խօսիր
Գանգատ ու քէն չես գիտեր.
Բայց քեզի հետ բարեկամ ըլլալու համար
Միշտ զոհողութիւն ընողը ես կ’ըլլամ:
Զոհողութի՞ւն,
Թէ ինչ զոհողութիւն:
Քիչ մը մամոնապաշտ ես,
Միշտ կ’ուզես որ ես ծախսեմ:
Իսկ այնչափ շատախօս ես որ
Չես ձգեր որ ես խօսիմ.
Ձգէ՛ ժամանակէս մի րոպէ
Օրերս, ամիսներս,
Կեանքս տուի քեզի համար
Նորէն ալ գանգատ չեմ ըներ:
Իմ սիրելի բարեկամս
Հայերէն գիրքս
Երբե՛ք չեմ կրնար զատուիլ քեզմէ: