
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Ըստ երեւոյթին յետընտրական պատկերը շատ աւելի հետաքրքրական եւ անկիւնադարձային կը թուի ըլլալ, քան վերընտրական պատկերը:
Այս վերջինին պարագային, այնքան մը ձանձրացուցիչ էր ստեղծուած կացութիւնը, որ երբ պետութիւնն ու իշխող կուսակցութիւն յար եւ նման են, ոչ մէկ հնար կը մնար արդար եւ ժողովրդավար մակարդակի ընտրութեան:
Զարմանալիօրէն, այս իրավիճակին արդիւնքն էր վերընտրութեան յաջորդող յետընտրական իրապաշտ ներկայ կացութեան գոյացումը:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան վերընտրական մեքենան ինքնավստահօրէն կը գործէր…այսպէս կոչուած տիպար, թափանցիկ եւ աննախադէպ Փետրուար 18, 2013 թուականը բոլորելու, յատկապէս նկատի ունենալով որ բազմաթիւ ընդդիմադիր խմբաւորումներ որոշած էին չներկայացնել ոեւէ թեկնածու: Հաւանաբար, նոյնինքն Հանրապետական կուսակցութեան ընտրական մեքենան, թեկնածու նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէմ ամենէն աւելի մօտիկ մրցակից նկատի առնուող Րաֆֆի Յովհաննէսեանէն կը սպասէին քուէներու առաւելագոյնը 15 առ հարիւրի հունձք մը:
Այդ պատճառով ալ 12 ժամ տեւողութիւն ունեցող ընտրութեան առաջին ժամերը ընթացան հանդարտ, այնքան մը որ բազմիցս նշուեցաւ թէ ընտրութիւն կայ, սակայն ընտրող չկայ: Բայց երբ հետզհետէ ժամերը թաւալեցան եւ մերթ ընդ մերթ յստակացաւ թէ սպասուած այդ բաղդատական պատկերը սխալ էր, հետզհետէ աւելի գործեց Հանրապետական վերընտրական մեքենան: Յատկապէս, Հայաստանի երկրորդ քաղաք “ցնցուած“ Գիւմրին ահազանգած էր, այս անգամ տարբեր ձեւով ցնցելով եւ ի նպաստ Րաֆֆիին քուէարկելով: Ահաւասիկ ցայտուն օրինակ մը, ուր ժողովուրդը որոշած էր ընդվզիլ, պոռթկալ եւ պահանջել ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ բարոյական արդարութիւն:
Եւ յետընտրական օրերուն, այս դժգոհ հայորդիներու ալիքը ողողած էր Ազատութիւն հրապարակ եւ դեռ ալ կ՛ողողէ: Միացած են գրեթէ բոլոր ընդդիմադիր խմբաւորումները: Ժամանած են ազդանշանը տալու իրայատուկ ԲԱՐԵՒ-ի մը:
ԲԱՐԵՒ…Յեղափոխութիւն, եղափոխութիւն, փոփոխութիւն, իշխանափոխութիւն: Սակայն զգոյշ, երբեք առիթ պէտք չէ ստեղծել արիւնահեղութեան: Անընդունելի է հնգամեայ պատմութիւն ունեցող մարտմէկեան ընդհարում, ո՛չ ալ Արեւմտեան Աշխարհէն ներածուած գոյնզգոյն կամ պտղատու յեղափոխութիւն:
Արեւմտեան պետութիւններ երբեք թող չկարծեն թէ “ծիրանի“ կամ “նռան գոյնի“ կեղծ յեղափոխութիւններ կարելի է ներածել կամ վերարտադրել հայրենիքէն ներս: Տառապող հայորդին քաջատեղեակ է թէ պտուղին հունտն է կարեւորը…եւ ոչ թէ անով սնանած միջուկն ու մաշկը:
ԲԱՐԵՒ..Հազար ԲԱՐԵՒ այդ հունտին, որ հեռու է որեւէ վտանգաւոր ախտէ եւ վնասակար որդէ: