Լրահոս

ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ` “ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ“ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

p1 yerevan-clashes-police-Million-Mask-March-4  ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբթուան ընթացքին, “Ազատութիւն“ հրապարակին վրայ տեղի ունեցան բուռն բախումներ դիմակաւոր ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ: Ցոյցը կազմակերպած էր Շանթ Յարութիւնեան, որ քանի մը օր է ի վեր “Ես յեղափոխութեան կը սկսիմ“ պաստառին ետին նստացոյց կը կատարէր: Հարիւրէ  աւելի ցուցարարներ երթով Ազատութեան հրապարակէն քալեցին դէպի “Մաշտոց“ պողոտայ: Ոստիկանութիւնը միջամտեց, որուն արդիւնք, Յարութիւնեան իր ցուցարարներուն հետ սկսաւ մահակներով հարուածել ոստիկաններուն:

Այս դէպքին առնչութեամբ, ոստիկանութիւնը լոյս ընծայեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ քսանէն աւելի ցուցարարներ ձերբակալուած են: Կան նաեւ վիրաւոր ոստիկաններ եւ ցուցարարներ:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button