
Read Time:18 Second
ՍԵՒԱՆ ԼԱԼԻՔՕՂԼՈՒ
Յունիս 8, 2014
Կարեւոր չէ՝
Գաւաթին կէսը լեցուն է
Ոչ թէ պարապ.
Ցաւե՞րդ լեցուցիր բաժակիդ մէջ,
Ոչ թէ ուրախութիւնդ:
Խաղաղութի՞ւն կը լեցուի մէջդ այս բաժակով
Ոչ թէ տրտմութիւն նորէն:
Եթէ տրտմութիւն է՝ սէք (անխառն) խմէ
Չաւելնայ քանակը մէյ մըն ալ ջուրով:
Ափսո՜ս. տուպլէ (կրկնապատիկ) ալ չըլլա՛յ՝
Նոյնիսկ եթէ սէք ըլլայ: