Բազմահազար Հայորդիներու Արժանապատուութեան Երթը Կը Շարունակուի

ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 14 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումին կազմակերպութեամբ բազմահազար քաղաքացիներու Արժանապատուութեան երթը, որուն մեկնարկը տրուեցաւ Արաբկիր վարչական շրջանի Վահագն Դաւթեան զբօսայգիէն:
Հ.Յ. Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը կոչ ուղղեց համախմբելու բոլոր ուժերը եւ հեռացնելու ազգի դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանը: Սաղաթէլեան նշեց, որ եթէ Նիկոլ Փաշինեանը չգիտակցեցաւ, որ պէտք է հեռանայ այդ պաշտօնէն, միասին պէտք է այդ պաշտօնը հեռացնենք Նիկոլէն:
«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեան նշեց, որ այն, ինչ որ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, կարելի է 2 բառով բնութագրել` մարդիկ պատրաստ են եւ պիտի պայքարին ո՛չ միայն իրենց ֆիզիքական անվտանգութեան համար, այլ պիտի պայքարին նաեւ իրենց պատուին եւ արժանապատուութեան համար: «Հայաստանի մէջ ստամոքսի եւ ոգիի պայքար է, եւ հայու ոգին պիտի յաղթէ», ըսաւ ան:
Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի` վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան դիմեց Արժանապատուութեան երթի մասնակիցներուն.
«Այս պայքարը իսկապէս մեր հայրենիքին համար է, որ ոտքի կանգնինք, երթանք յառաջ: Խոչընդոտ մը կայ, Նիկոլ Փաշինեանը խոչընդոտ է, այդ խոչընդոտը պէտք է մէկ կողմ դնել եւ շարունակել երթալ յառաջ», ըսաւ Մանուկեան:
Ընդդիմութեան վարչապետի միասնական թեկնածուն պնդեց, որ շատ բան ստիպուած պիտի ըլլան սկսելու զերոյէն:

