Լրահոս
Բագրատ Արք. Գալստանեան Պիտի Մնայ Կալանքի Տակ

ԵՐԵՒԱՆ.- Բագրատ արք. Գալստանեանի կալանքի ժամկէտը երկարաձգուեցաւ: Մեղադրողները դատարանէն պահանջած էին երկարաձգել կալանքը` նշելով, որ 8 ամիս կալանքի տակ գտնուող Բագրատ սրբազանի կալանքի հիմքերը չեն վերացած:
Դատաւորը որոշումին մէջ նշեց, որ «կալանքի հիմքերն ու պայմանները չեն նուազած, չեն փոխուած, հետեւաբար այլընտրանքային խափանման միջոցները ի զօրու չեն ապահովելու մեղադրեալին օրինական վարքագիծը: Ան առանցքային մեղադրեալ է ենթադրեալ ահաբեկչութիւնը կազմակերպելու քրէական գործին մէջ, ուստի, ըստ մեղադրողներուն, ան ազատութեան մէջ կրնայ նոր յանցանք կատարել կամ խոչընդոտել գործի ընթացքին:
Սրբազանի պաշտպանները այս մեղադրանքը քաղաքական հետապնդում նկատեցին:

