Բաբգէն Արք. Չարեան` Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

0 0
Read Time:1 Minute, 46 Second

p10 BIS papken tcharian

ՄՈՆՐԷԱԼ.- Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը տեղի ունեցաւ Մայիս 13-14-ի շաբաթավերջին, հիւրընկալութեամբ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան:
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գանատայի տարածքին մէջ գործող հոգեւորականները, եկեղեցիներու ազգային երեսփոխանները, ազգային պատգամաւորները, հոգաբարձական կազմերը եւ գործակից կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու Կիլիկեան Աթոռի եւ առաջնորդարանի շքանշանակիրներն ու հիւրերը: Օրակարգին մաս կը կազմէր նաեւ առաջանորդի ընտրութիւնը. քուէներու բարձր մեծամասնութեամբ՝ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան:
Թեմակալ առաջնորդը կը ծառայէր Սպահանի Հայոց թեմէն (Նոր Ջուղա) ներս, որպէս առաջնորդ: Աւազանի անունով Յակոբ, ան ծնած է Պէյրութ, 1965ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայաշէնի (Պէյրութ) Ազգ. Թորգոմեան վարժարանին մէջ:
1976ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը՝ Անթիլիաս, ուր հնգամեայ ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելէ ետք ձեռնադրուած է սարկաւագ: Իսկ ընծայարանի եռամեայ Աստուածաբանական եւ հայագիտական դասընթացքը աւարտելէ ետք, կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 1984ին, ձեռամբ՝ Տաթեւ արք. Սարգիսեանի եւ կը վերակոչուի Բաբգէն աբեղայ: Այնուհետեւ դպրեվանքին մէջ կը վարէ ուսուցչութեան եւ հսկողութեան պաշտօններ: Նոյն տարիներուն ուսուցիչ եղած է նաեւ «Թռչնոց Բոյն»ի եւ Ազգային Թորգոմեան վարժարաններուն մէջ:
1989ին «Հայ Հոգեւորականութեան Կորուստը Մեծ Եղեռնին» նիւթը որպէս աւարտաճառ ներկայացնելէ ետք կը ստանայ վարդապետական աստիճան՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին:
1996-2002 տարիներուն ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն ներս, իբրեւ հոգեւոր հովիւ Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ: Միաժամանակ եղած է թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ:
1998ին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան՝ ձեռամբ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի:
2002-2004 Սեպտեմբեր, ծառայած է Բերիոյ թեմէն ներս (Սուրիա), իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ Ճեզիրէի, կեդրոն ունենալով Գամիշլի քաղաքը: Ապա 2004 Օգոստոսին, Սպահանի թեմի Պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընտրուած է առաջնորդական տեղապահ Սպահանի Հայոց թեմին:
Սպահանի Հայոց թեմի 12րդ Պատգամաւորական ժողովը՝ գումարուած Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանքի կամարներուն տակ, 28 Յունուար 2005ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ ուղարկուած եռանուն ցանկէն միաձայնութեամբ կ՛ընտրէ Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ:
2006 Յունիսին, եպիսկոպոսկան ձեռնադրութիւն եւ օծում կը ստանայ՝ ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ:
2014ին, Սպահանի Հայոց թեմի մէջ կը նշուի սրբազան հօր քահանայութեան 30ամեակը եւ առաջնորդութեան 10ամեակը: Նոյն օրը Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ կը ստանայ արքութեան տիտղոս:
2004-2016, 12 երկար տարիներ կը վարէ Սպահանի Հայոց թեմի եւ հարաւային իրանահայութեան առաջնորդական պաշտօնը:
Գանատայի Հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդը Մոնրէալ պիտի ժամանէ Յունիս ամսուան ընթացքին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles