“ԲԱ­ՐԵ­ՒԱ­ՅԵ­ՂԱ­ՓՈ­ԽՈՒ­ԹԵԱՆ“ ՀԵՏ­ՔԵ­ՐՈՎ

0 0
Read Time:4 Minute, 26 Second

22_Feb_2013_Yerevan_protest  Երե­ւա­նի “Ազա­տու­թիւն“ հրա­պա­րա­կէն ծայր առած հա­ւաք­նե­րը կը շա­րու­նակ­ուին ամե­նու­րեք: Ար­դա­րեւ, Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան կը շա­րու­նա­կէ իր հա­ւաք­նե­րը, նա­եւ զա­նա­զան շրջան­նե­րէ եւ մար­զե­րէ ներս:

raffi-hovhannisian-protest-barevolution (1)  “Ժա­ռան­գու­թիւն“ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը այ­ցե­լեց Արա­րա­տի եւ Ար­մա­ւի­րի մար­զեր եւ ժո­ղո­վուր­դին հետ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ շարք մը մար­զե­րու մէջ: Իր խօս­քե­րուն ընդ­մէ­ջէն ան մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կոչ ուղ­ղեց վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու Սերժ Սարգս­եա­նի յաղ­թա­նա­կը շնոր­հա­ւո­րե­լու քայ­լը եւ ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը ճանչ­նա­լու որո­շում­նե­րը: Արա­րա­տի մար­զի Մա­սիս քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ Յով­հան­նէս­եան նշեց, որ պատ­րաստ է լսե­լու Սերժ Սարգս­եա­նի բո­լոր առա­ջարկ­նե­րը` այս հա­մազ­գա­յին տագ­նա­պը լու­ծե­լու եւ յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար:

Իր խօս­քե­րուն մէջ, ան կը պնդէր, որ հա­կա­ռակ “հա­մա­տա­րած կեղ­ծիք­նե­րուն, ամէ­նուր յաղ­թած է ժո­ղո­վուր­դը“: Ան ամէն տեղ կը բարձ­րաց­նէր մարզ­պետ­նե­րու, քա­ղա­քա­պետ­նե­րու հրա­ժա­րա­կան­նե­րու հար­ցը: Անդ­րա­դառ­նա­լով Ար­մա­ւի­րի քա­ղա­քա­պե­տի հրա­ժա­րա­կա­նին` Յով­հան­նէս­եան յայտ­նեց, որ Ռու­բէն Խլղա­թեան ու­նե­ցաւ “գո­նէ նուա­զա­գոյն տղա­մարդ­կու­թիւնը“ եւ հրա­ժա­րա­կան տուաւ: Ան յայ­տա­րա­րեց, որ Խլղա­թեա­նի օրի­նա­կով կը պա­հան­ջէ Մարզ­պե­տին հրա­ժա­րա­կա­նը:

raffi-hovhannisian-regions-armenia-protests  “Կ՛ու­զէք խօ­սիլ` ես կը խօ­սիմ ձե­զի հետ, ես չեմ վախ­նար երկ­խօ­սու­թե­նէն, բայց դուք` ինչ­պէս Ամե­րի­կան, Ռուս­ի­ան, Եւ­րո­պան, Չի­նաս­տա­նը պի­տի ճանչ­նաք հայ ժո­ղո­վուր­դին կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թիւնը: Հայ ժո­ղո­վուր­դը յաղ­թած է“, յայ­տա­րա­րեց Յով­հան­նէս­եան` հե­ռա­կայ դի­մե­լով Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին:

Ար­տա­շա­տի մէջ Յով­հան­նէս­եան յայ­տա­րա­րեց, որ “ամէ­նէն խայ­տա­ռակ“ կեղ­ծիք­նե­րը եղան Արա­րա­տի մար­զին մէջ:

Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան, մամ­լոյ ասու­լի­սի մը ըն­թաց­քին լրա­ցու­ցիչ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ բա­ցա­յայ­տեց նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի հետ իր հան­դիպ­ման վե­րա­բեր­եալ: “Ո՛չ իր կող­մէ, ո՛չ իմ կող­մէս կար պաշ­տօն ստանձ­նե­լու, հա­մա­ձայ­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն ստեղ­ծե­լու առա­ջարկ: Իր կող­մէ կար առա­ջարկ, որ իբ­րեւ հան­րա­պե­տու­թեան թիւ եր­կու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ, (ինչ որ ես մեր­ժե­ցի), ըսաւ, որ դուն պի­տի շա­րու­նա­կես 2017-2018 թուա­կան­նե­րուն իբ­րեւ ընդ­դի­մու­թեան ղե­կա­վար տա­նիս քու պայ­քարդ: Ին­ծի պէտք չէ, ար­դէն 2017-2018-ին երի­տա­սարդ սե­րուն­դը պի­տի տի­րա­նայ իր սահ­մա­նադ­րա­կան իրա­ւուն­քին“, ընդգ­ծեց Յով­հան­նէս­եան:raffi gumri

Վեր­ջա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Ճան Քերիի եւ եւ­րո­պա­ցի պաշ­տօ­նա­տար Խօսէ Ման­ուէլ Պա­ռո­սո­յի կող­մէ նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նին ուղղ­ուած շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ­նե­րուն յայտ­նեց, որ ան­թոյ­լատ­րե­լի է ոչ օրի­նա­կան իշ­խա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մի­ջո­ցով զի­ջում­նե­րու դի­մել Ար­ցա­խի կամ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին գծով: “Ես կը դա­տա­պար­տեմ այդ ճա­նա­չու­մը… փաս­տօ­րէն կը հեգ­նէ, կը ծաղ­րէ հայ ժո­ղո­վուր­դի սահ­մա­նադ­րա­կան իրա­ւուն­քի պարզ, ան­նա­խա­դէպ ար­տա­յայ­տու­թիւնը Փետր­ուա­ր 18-ին: Հե­տաքրք­րա­կան է, որ ատի­կա ար­տա­յայտ­ուած է ոչ թէ նա­խա­գա­հի մա­կար­դա­կով, այլ նոր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին մա­կար­դա­կով: Ատի­կա ինք­նին ար­դէն ու­շագ­րաւ է: Ես կ՛ակն­կա­լեմ, որ վե­րա­նա­յում­ներ պի­տի ըլ­լան: Եւ ի վեր­ջոյ աշ­խար­հի բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րը պի­տի ճանչ­նան Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին յաղ­թա­նա­կը Փետր­ուա­ր 18-ին“, շեշ­տեց Յով­հան­նէս­եան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles