Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ Հ.Մ.Ը.Մ.- Ի 36-ՐԴ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:2 Minute, 30 Second

Յա­տուկ հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը, կը տե­ղե­կա­նանք թէ, Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջա­նա­յին 36-րդ Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մա­յիս 14 -15, 2011ի շա­բա­թա­վեր­ջին, Նիւ Եոր­քի Ուատ­սայ­տի Հայ Կեդ­րո­նէն ներս, հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ տեղ­ւոյն մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան: Ներ­կայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան լի­ա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` Վահ­րամ Դանի­էլ­եան, Հ.Յ.Դ. Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի նէր­կա­յա­ցու­ցիչ` Հրայր Պա­րոն­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնը իր լման կազ­մով, ինչ­պէս նա­եւ Պոս­թը­նի, Նիւ Եոր­քի, Նիւ ճըրզիի, Ֆի­լա­տելֆ­իոյ, Փրո­վի­տեն­սի, Ուա­շինկ­թը­նի, Ֆլո­րի­տա­յի եւ Տիթ­րոյ­թի մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Այս ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, կա­տար­ուե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 10-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի պատ­րաս­տու­թիւնը: Ներ­կա­նե­րը քննե­ցին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թեան տե­ղե­կա­գի­րը, ուր շի­նիչ ար­ժե­ւո­րում­ներ կա­տա­րե­լէ ետք, որ­դեգր­ուե­ցին շարք մը առա­ջարկ­ներ, որոնք շրջա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն, յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան, Երե­ւա­նի մէջ կա­տար­ուե­լիք ժո­ղո­վին: Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը այս առն­չու­թեամբ իրենց լու­սա­բա­նա­կան հար­ցում­նե­րը ուղ­ղե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին եւ ստա­ցան հա­մա­պա­տաս­խան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ:

Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը միու­թեան գե­րա­գոյն ժո­ղովն է եւ կը գու­մար­ուի չորս տա­ին ան­գամ մը, ուր կը հա­մախմբ­ուին միու­թեան 25 հա­զար ան­դամ­նե­րը հա­մախմ­բող հա­րիւր մաս­նա­ճիւ­ղե­րը ներ­կա­յաց­նող պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը: Ժո­ղո­վը ընտ­րեց շրջա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը եւ Կի­րա­կի կէ­սօ­րէ ետք, հա­սաւ իր աւար­տին;

Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հրա­ժեշտ տա­լով, բաժն­ուե­ցան, իրենց հետ ու­նե­նա­լով վե­րա­նո­րոգ­ուած այն վճռա­կամ ու զո­րա­ւոր հա­մո­զու­մը` ծա­ռա­յե­լու հայ­րե­նի­քին եւ պահ­պա­նե­լու Սփիւռ­քի ազ­գա­յին դի­մա­գիծն ու ար­ժէք­նե­րը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles