
61 աշակերտներ ժամանած զանազան շրջաններէ եւ տաս դասատուներ հաւաքուեցան Սուրբ Մէրի կեդրոնը (Էլվերսըն, Փէնսիլվանիա), Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի Հիմնարկի 24-րդ ամառնային յայտագրին առթիւ, որ սկսաւ Կիրակի, Յունիս 25-ին եւ աւարտեցաւ Կիրակի, Յուլիս 4-ին, Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Փոխ առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի:
Այս Տարուայ ուսուցիչներն էին՝ Եպիսկոպոս Անուշաւան Դանիէլեան, Արժանաշնորհ՝ Տ. Խորէն Հապէշեան Աւագ քհնյ., Տ. Անդրանիկ Աւագ քհնյ. Պալճեան, Տէր Սարգիս քհնյ. Ագթաւուգեան, Տէր Նարեկ քհնյ. Թռթրեան, Տէր Ստեփան քհնյ. Պալճեան, Տէր Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, Շանթ Աւ. Սրկ. Գազանճեան եւ օրդ. Ժանէթ Նազարեան£ Հիւրաբար հրաւիրուած էին Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան եւ Աստուածաշունչի մասնագէտ Դասախօս Տ. Փօլ քհնյ. Թարազի:
Ծրագիրը խտացուած էր եւ կ°ընդգրկէր նիւթեր, որոնք կը վերաբերէին քրիստոնեայ դաստիարակութեան, Աստուածաշունչի սերտողութեան եւ քննութեան, աղօթքի ու պաշտամունքի կարեւորութեան եւայլն:
Ամէն օր ծրագիրը սկսաւ Առաւօտեան աղօթքով ժամը 7:15-էն 7:45: Առտուայ ժամը 8:30էն մինչեւ կեսօրուայ ժամը 12:30 դասընթացքներ տեղի ունեցան: Կէսօրէ ետքերը կատարուեցան մրցումներ, խաղեր եւ այցելութիւններ£ Երեկոյեան կատարուեցան կլոր սեղաններ եւ հարցազրոյցներ, որոնց հետեւեցան Աստուածաշունչի սերտողութիւն£ Իւրաքանչիւր հաւաք աւարտեցաւ հսկումով, ժամը 9:45էն 10:30: Այսպէս, դասընթացքներու երթալը, ազատ ժամ ունենալը, եւ թէ առաւօտեայ եւ թէ իրիկուայ պաշտամունքներու ներկայ ըլլալը, թոյլ կու տայ մասնակցող աշակերտներուն որ իրենց ժամերըը հաւասարապէս դասաւորեն: Անոնք կրնան հաճելի ժամանակ ունենալ եւ նոր բարեկամութիւններ ստեղծել, միեւնոյն ժամանակ սորվիլ հաւատքին եւ հայ մշակոյթին մասին: »Բաւական մը տատամսումով ժամանեցի£ Կը կարծէի թէ ինքզինքս օտար պիտի զգամ£ Սակայն շուտով վարժուեցայ եւ անմոռանալի ժամանկներ անցուցի£ Իմ փորձառութիւններս Տաթեւի մէջ անփոխարինելի են«, ըսաւ աշակերտներէն Ամիր Ատելինիա (Ուստըրի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիէն): »…Միայն յիսուն առ հարիւր հայկական արիւն ունենալուս պատճառաւ, կը կարծէի թէ դժուարութիւններու առջեւ պիտի գտնուիմ£ Սակայն հեզասահ ընթացան օրերը: Շուտով շաղուեցայ անմիջական միջավայրիս հետ«, ըսաւ Դանիէլ Մկրեան (Նիւ Եորքի Տակլըսթըն շրջանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցիէն):
Հիմնարկը չորս տարուայ վրայ երկարող յայտագիր մըն է (մէկ շաբաթ ամէն ամառ): Այն աշակերտները որոնք կը կատարեն չորս տարին, կարելիութիւնը ունին մասնակցելու յաւելեալ մասնագիտական դասընթացքներու: Հինգ մակարդակներու դասընթացքները տեղի կÿունենան միեւնոյն ժամանակ: Շաբաթ մը տեւող յայտագրին ընթացքին,իւրաքանչիւր մակարդակի վերապահուած է քսան պահ£ Ասոնց վրայ կÿաւելնան երեկոներու հարցազրոյցներն ու Աստուածաշունչի սերտողութիւնները, տասնմէկ ուսուցիչներու ու երեք հիւր ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ:
Մասնագիտական դասընթացքներու ծրագիրը կը փոխուի ամէն տարի, այն դասընթացքները որոնք յաւելեալ լուսաբանութիւններ կը փոխանցեն հաւատքի մասին: Կղերականներու կողքին, հիւր դասախօսներ կը հրաւիրուին վարելու մասնագիտական դասերը:
Փակման հանդիսութեան Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան յայտնեց թէ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի նշուի այս յայտագրի 25-ամեակը: »Առաջին տարիներու հունձքը, արդէն իսկ սկսած է զանազան պաշտօններ, ազգային բնագաւառներէ ներս£ Այսպէս ալ աշխատանքը պիտի շարունակուի«, ըսաւ ան:
Այս հիմնարկի մասնակցողները եղան տաս թեմերէ.-
19 աշակերտներ Րիճֆիլտ Նիւ Ճըրզիի Սբ. Վարդանանց Եկեղեցիէն (8 դպիրներ)
12 Փրովիտէնս Րոտ Այլընտի Սբ. Վարդանանց Եկեղեցիէն (10 դպիրներ)
7 Նիւ Եորքի Տակլըսթըն շրջանի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցիէն (3 դպիրներ)
6 Կլէնվիուի (Շիքակօ) Ամենայն Սրբոց Եկեղեցիէն (բոլորն ալ դպիր)
4 Ուստըր Մասաչուսէթցի Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցիէն (2 դպիրներ)
4 Ֆիլատելֆիա Փէնսիլվանիայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն (2 դպիրներ)
3 Ուաշինկթընի Սուրբ Խաչ Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն
2 Նիւ Եորք Նիւ Եորքի Սբ. Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն
2 Ուաթըրթաուն Մասաչուսէթցի Սբ. Ստեփանոս Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն (1 դպիր)
1 Նիւ Պրիթըն Քէնէթիքէթի Սբ. Ստեփանոս Եկեղեցիէն (1 դպիր)
1 Ինտիան Օրչըրտ Մասաչուսէթցի Սբ. Գրիգոր Եկեղեցիէն (1 դպիր)