
Ուրբաթ, Ապրիլ 19ին, Նիւ Եորքի Քարնըկի համալիրի “Weill Recital“ սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 8:00ին, պիտի կատարուի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Առաջնորդարանի կազմակերպած երաժշտական ձեռնարկը, ծանօթ “Musical Armenia“ անունով:
Յաջորդաբար 30րդ անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի այս ձեռնարկը, որուն նպատակն է քաջալերել, խթանել եւ խանդավառել հայ երիտասարդ երաժիշտներ:
Այս տարուան երիտասարդ աստղերն են ջութակահար Նունէ Մելիքեան եւ սոփրանօ երգչուհի Նարինէ Օճախեան:
Նշենք թէ, անցեալ տարի ելոյթ ունեցան թաւջութակահար Մարթա Բագրատունի (hանրածանօթ թաւջութակահար Սուրէն Բագրատունիի զաւակը) եւ դաշնակահար Հայկ Արսէնեան: Նաեւ, Վերջին տարիներուն, այս ձեռնարկին մասնակցած են պրազիլահայ կիթարահար Ժօան Գույումճեան, թաւջութակահար Դաւիթ Պաքամճեան, ջութակահար Սիսի Փանթիկեան, “Duo Maestoso“ զոյգը, որ կը բաղկանայ քոյր եւ եղբայր` Կայանէ եւ Յովհաննէս Առաքելեանէ: “Զուլալ“ (Թենի Աբելեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թէքէրեան) երրեակը, օփերայի երգիչ Սերժ Բարսեղեանը եւ “Արարատ“ երրեակը, որ կը բաղկանայ դաշնակահար Փաթիլ Հարպոյեանէ, ջութակահար Վան Արմէնեանէ եւ թաւջութակահար Հրանդ Պարսամեանէ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռ. 212 247 7800 կամ 212 689 7810: