Լրահոս

Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 2-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդ Դիոնիսիոս արք. Քաուաքի հրաւէրով, ճաշկերոյթի մը մասնակցեցաւ ի պատիւ Պատրիարք Իգնատիոս Եփրեմ Բ.ի, որ ներկայիս կ՚այցելէ Միացեալ Նահաննգերը։

Ճաշի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ասորի Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանին մէջ (Փըրամըս, Նիւ Ճըրզի), քննարկուեցան Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ընթացիկ իրադարձութիւնները։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button