Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ 65-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 4 Second

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 20-ին, Ամերիկայի Արեւելելան Թեմը նշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելելու 65-ամեակը։ Այս խորհրդալից տօնին առթիւ, ժամանած էին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան, եւ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան։

Առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ առաջնորդանիստ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց ու քարոզեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, մասնակցութեամբ Թորգոմ եւ Բաբգէն Սրբազան Հայրերու։

Պատարագին ներկայ էին նաեւ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ տիար Մհեր Մարգարեան, եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական՝ տիար Ալպերթ Գէորգեան։ Պատարագի ընթացքին, տեղի ունեցաւ յատուկ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ Ամերիկայի երեք թեմերուն ծառայած բոլոր հոգեւորականներուն։

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական տօնախմբութիւնը Terrace on the Park շքեղ համալիրին մէջ, շուրջ 170 հոգիի ներկայութեան։ Կազմակերպիչ յանձնախումբը, ատենապետութեամբ՝ տիկ. Սիւզըն Չիթճեան-Էրիքսընի, տքնաջան աշխատանք կատարած էր, հետեւելով բոլոր մանրամասնութիւններուն։ Այս առթիւ, հրատարակուած էր 50 էջնոց գրքոյկ մը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ առաջնորդներու պատգամներուն կողքին, ներկայացուած էր հայերէն ու անգլերէն կերպով պատմական նկարազարդ ուրուագիծ մը 65-ամեայ Ազգային Առաջնորդարանին, այլ նիւթերու կարգին։

Տիկին Էրիքսընի բացման խօսքէն ետք, յայտնի մեներգիչներ Վաղարշակ Օհանեան, Յասմիկ Մէյխանէճեան եւ Անահիտ Զաքարեան երգեցին ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները։ Հանդիսութիւնը վարեց Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ տիար Յակոբ Խաչատուրեան, որ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի բացման աղօթքէն ետք, կուռ ճառով մը վեր առաւ 65-ամեակի նշանակութիւնը, անդրադառնալով նաեւ Թեմիս ներկայ ու ապագայ աշխատանքներուն՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «Սփիւռքի տարուան» հռչակման լոյսին տակ։ Տիար Խաչատուրեան նաեւ յայտարարեց, որ Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 2023-ին տեղի պիտի ունենայ Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական

այցելութիւնը մեր Թեմին։

 

 

 

 

 

 

Ազգային Առաջնորդարանը միշտ ալ երիտասարդութիւնը ունեցած է իբրեւ իր բազմամեայ ծառայութեան առաջնահերթութիւններէն մին։ 1981-ին ծնունդ առած՝ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի «Սիամանթօ» լսարանի մասին իր վկայութիւնը բերաւ անոր շրջանաւարտներէն՝ տիար Վահէ Չաղլասեան, որուն կողակիցը նաեւ շրջանաւարտ է լսարանէն, իսկ երկու զաւակները ներկայիս կը յաճախեն անոր դասընթացքներուն։ Ապա, 1987-ին հիմնուած «Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի վերջին տարիներու շրջանաւարտներէն՝ Թալին Լագիսեան, եւ 2017-ին ստեղծուած «Աղ եւ Լոյս» երիտասարդական առաքելութեան անդամներէն՝ Յովսէփ Թրթռեան, յատուկ գնահատանքով անդրադարձան իրենց փորձառութեան այդ ծրագիրներուն ընդմէջէն։

Այս կարճ ուղերձներուն յաջորդեց գեղարուեստական բաժին մը։ Ելոյթ ունեցան պարիթոն Վահրամ Օհանեան («Կարաւան»), ջութակահար Դիանա Վասիլեան («Տեսնեմ Անին ու մեռնեմ»), մեցցօ սոփրանօ Յասմիկ Մէյխանէճեան («Գարուն Երեւան») եւ սոփրանօ Անահիտ Զաքարեան («Տիրամայր»)։ Այնուհետեւ, երեք մեներգիչները միասնաբար երգեցին «Հայաստան»։

Գեղարուեստական բաժինէն ետք, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարիչ տնօրէն՝ տիար Արամ Համբարեան, որ անդրադարձաւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան եւ խաղացած անփոխարինելի դերին ամերիկահայ համայնքին մէջ։

Ճաշի աւարտին, ձեռնարկը շարունակուեցաւ Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու Առաջնորդներու՝ Թորգոմ Եպիսկոպոսի եւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի ողջոյնի սրտաբուխ խօսքերով, որոնք դրուատեցին Առաջնորդարանիս 65 տարիներու գործունէութիւնը եւ վեր հանեցին Հայ Եկեղեցւոյ հիմնական դերը Սփիւռքի կեանքի եւ հզօրացման գործին մէջ, ինչպէս եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անտեղիտալի աշխատանքը ծառայական դաշտին մէջ։ Թորգոմ Սրբազան, մէջբերելով խօսքը Խորէն Ա. Կաթողիկոսի, որ իբրեւ Խորէն Արքեպիսկոպոս եղած է Թեմի կազմակերպիչը, ըսաւ. «Կիլիկիան մեր ազգի կենսունակութիւնն է»։

 

 

 

 

 

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Ազգային Վարչութեան նախկին ատենապետ՝ մեթր Ճէք Մարտոյեան, որ նշելով Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան կարգ մը հանգրուաններ, անդրադարձաւ Արեւելեան Թեմի կազմաւորման հոլովոյթին ու իրագործումներուն՝ իրերայաջորդ առաջնորդներու աշխոյժ ղեկավարութեամբ, եւ ապագային նայելով կարգ մը կարեւոր առաջարկներ կատարեց։

Տիանա Վասիլեան ջութակով մեկնաբանեց գործեր, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի պատմութիւնը ներկայացնող ու 15 վայրկեան տեւողութեամբ յատկապէս պատրաստուած հայերէն (անգլերէն ենթախորագրերով) տեսերիզ մը, որ 65-ամեայ ծառայութեան քանի մը գլխաւոր դրուագներով հանդիսատեսներուն կը բերէր կատարուած աշխատանքին համապատկերը եւ ապագայի հանդէպ վերանորոգ յանձնառութեան ուխտը։

 

 

 

 

 

Հուսկ բանքը արտասանեց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ վեր հանելով երեք թեմերու համակողմանի իրագործումները 65ամեակի ընթացքին, ընդգծեց, որ «ծառայութեան ոգին պարզապէս կոչում չէ, այլ մեր ժառանգութեան մասը»։

Թորգոմ Եպիսկոպոսի «Պահպանիչ»-էն ետք, երեք առաջնորդները գլխաւորեցին «Կիլիկիա»-ի երգեցողութիւնը, որուն յոտնկայս միացան բոլոր ներկաները։ Այսպէսով վերջ գտաւ այս յիշատակելի հանդիսութիւնը։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles