
Լուսանկարներ` Տիրան Ճէպէճեան
Դեկտեմբեր 1, 2012-ին, Նիւ Ճըրզիի Մաուա շրջանի շքեղ “Շերաթըն Քրոսրոտս“ պանդոկին մէջ, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը, շուրջ երկու հարիւր եւ յիսուն անձերու ներկայութեամբ:
Ներկայ էին Արեւելեան Ա.Մ.Ն. շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան, Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Թովմաս Կարապետեան (որ կը ներկայացնէր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Արհիապատիւ Առաջնորդ Միքայէլ Մուրատեանը), Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Միութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Ֆիլեան, Նիւ Եորքի Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեան, Նիւ Ճըրզիի Քոնկրէսմէն` Ֆրէնք Փըլոն (Դեմոկրատական), Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի մօտ շրջանի ներկայացուցիչ` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Արա Չալեան:
Յոտընկայս Ա.Մ.Ն.-ի եւ Հ.Հ.-ի քայլերգները (երգեցողութեամբ` Ալին Քորիկընի) ունկնդրելէ ետք, օրուան հանդիսավար Նորա Քիզիրեան բեմ հրաւիրեց Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանը, որպէսզի աղօթքով մը կատարէ օրուան հանդիսութեան պաշտօնական բացումը: Ապա հանդիսավար Քիզիրեան յայտնեց այս օրուան իմաստն ու նպատակը, ներկայացնելով օրուան յայտագիրը: Ան բեմ հրաւիրեց օրուան առաջին խօսնակը` Քարին Շնորհոքեան, որ օրուան հանդիսութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց: Ան շեշտեց թէ փոքր տարիքէն մաս կազմած է Հայ Դատի աշխատանքներուն, նոյնիսկ քանի մը տարի ալ նուիրուած է գրասենեակային աշխատանքներուն եւ շեշտեց թէ ցայսօր կառչած կը մնայ Հայ Դատի սուրբ աշխատանքներուն:
Քոնկրէսական Ֆրէնք Փըլոն խօսք առնելով, յայտնեց թէ պիտի շարունակէ Արտաքին Գործոց նախարարութենէն ներս իր պայքարը եւ պիտի պահանջէ արտաքին քաղաքականութեան մէջ նկատի ունենալ մարդկային իրաւանց, ցեղային մաքրագործումի եւ ցեղասպանութեանց նկատմամբ զգայնութիւնները: Ան նաեւ շեշտեց թէ կոչ պիտի ընէ, որ ամէն տարի Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատող յայտարարութիւն մը կատարուի երկրին գործադիր իշխանութեանց կողմէ, եւ նշուի նաեւ այդ ցեղասպանութիւնը կասեցնելու նպատակով ամերիկեան ջանքերը:
Ապա խօսք առաւ Հայ Դատի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի գործիչ Ճորճ Աղճայեան, որ շեշտեց թէ ինք միշտ ալ խօսքէն աւելի աշխատանքին ու հետեւողական գործին կը հաւատայ: “Այս պատճառով ալ ձեր ժամանակէն շատ պիտի չխլեմ եւ կարճ պիտի խօսիմ: Յստակ է Հայ Դատի յանձնախումբին նպատակը: Այս գծով, բոլորս կը գործակցինք եւ կ՛աջակցինք նպաստելու համար Հայ Դատի աշխատանքներուն: Միշտ ալ Հայ Դատի աշխատանքային բնագաւառը լեցուն է մարտահրաւէրներով, որոնց դէմ կարելի է պայքար մղել, նիւթական եւ բարոյական ներդրումներ կատարելով: Շարունակ պիտի հաւաքուինք: Ճամբան երկար է“:
Ընթրիքի ընթացքին, ցուցադրուեցաւ վաւերագրական մը, որ կը դրուատէր անցնող տարեշրջանի Հայ Դատի գրասենեակի գործունէութիւնը: Ապա քափելա “Զուլալ“ եռեակը ներկայացուց փունջ մը հայրենի աշուղական գործեր, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով:
Տոքթ. Մարք Մամիկոնեան (Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի` NAASR-ի պատասխանատու), որ ներկայացուց օրուան “Վահան Քարտաշեան“ շքանշանակակիրը` Տոքթ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան: Բեմ բարձրանալով Հայ Դատի աշխատանքներուն ռահվիրաներէն` Յովհաննիսեան, յայտնեց թէ որքա՜ն տարիները կը թաւալին, այդքան կը դժուարանայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման աշխատանքը: “Մեր թշնամին շատ աւելի կարողութիւն ունի իր ժխտական աշխատանքը շարունակելու, սակայն միասնականութիւնն ու հաւատքը կրնայ պատճառ դառնալ որ չվհատինք եւ շարունակենք մեր սուրբ աշխատանքը“, եզրակացուց ան:
Հայ Դատի աշխատանքներուն անաչառ գործիչ Վըրճինիա Տէյվիս բեմ բարձրանալով, ներկայացուց օրուան “Ազատութեան Շքանշան“ակիր` պարոնէս Քարոլայն Քոքսը, որ այս առթիւ ժամանած էր Մեծն Բրիտանիայէն:
Ողջունելով պարոնուհին` Տէյվիս բարձր գնահատեց տարիներէ ի վեր Քարոլայն Քոքսի ցուցաբերած աջակցութիւնը Հայաստանին եւ Արցախին, անոր կողմէ ծաւալած մարդասիրական գործունէութիւնը` նշելով, որ հայ ժողովուրդը երախտապարտ է պարոնուհիին իր հայանպաստ գործունէութեան համար: Տէյվիս յայտնեց թէ “Ազատութեան Մրցանակ“-ը կը շնորհուի այն անհատին, որ մեծ ներդրումներ ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ հայութեան առնչուող կարեւորագոյն հարցերու մէջ իր բերած օժանդակութեան համար: “Բնականաբար պարոնէս Քոքս մաս կը կազմէ այս ընտրանիին“, ըսաւ Տէյվիս:
Համեմատած, օրուան միւս խօսնակներուն, Քոքս լսատեսողական ոճով ներկայացուց տեղեկութիւններ, դէպի Արցախ կատարած իր այցելութիւններուն (ցարդ 78 անգամ) մասին: Ան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց ազերիներու կատարած ռմբակոծումներուն մասին: Իւրայատուկ բրիտանական սրամտութեամբ մըն ալ ներկայացուց Արցախցիին առօրեան: Քոքսի այցելութիւններէն առաջին տասնեակը եղած է Արցախեան պատերազմի տարիներուն: Այժմ, ան համագործակցութեան մէջ է Ստեփանակերտի մէջ հիմնուած HART (Humanitarian Aid Relief Trust) ոչ-հասութաբեր կազմակերպութեան հետ: Կառոյցը բոլոր տարիքի անձերու կը տրամադրէ վերականգնողական ծառայութիւններ:
Քոքս ընդգծելով, որ 1988-էն ի վեր սերտօրէն կապուած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ եւ ինքզինք կը նկատէ հայ ժողովուրդին բարեկամը, յայտնեց, որ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը ի նպաստ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Քոքս աւելցուց թէ, որեւէ Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ անպատժելիութիւնը պատճառ կը դառնայ նոր ցեղասպանութիւններու: Դրուատելով Արցախցիին քաջութիւնն ու հաւատքը, Քոքս թարգմանաբար կարդաց բանաստեղծութիւն մը 13 տարեկան Արցախցիէ մը, որ պատերազմի օրերուն ստիպուած էր հեռանալ իր ծննդավայրէն:
Նշենք թէ, դեռ վերջերս բրիտանացի այլ գաղափարակից քաղաքագէտներու հետ, Քոքս այցելած էր Հայաստան եւ պետական մակարդակի բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած, որոնց կարգին Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Արա Չալեան իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ թէ որքան սուրբ է այս աշխատանքը, որ կը սկսի մատղաշ տարիքէն եւ կը շարունակուի առանց աւարտի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն որոնք շարունակ նեցուկ կանգնած են Հայ Դատի աշխատանքներուն: Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակի անունով, խօսք առաւ Արամ Համբարեան, որ ահազանգեց թէ թուրքերն ու ազերիները տնտեսական գետնի վրայ միլիոններ ծախսելով, պայքար կը մղեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ: “Անոնք կը փորձեն Հայաստանի հայաթափել, Սփիւռքը քայքայել, սակայն մենք ունինք պատիւ, հաւատք եւ կամք: Պիտի ընդառաջենք մեր ազգի կոչին եւ պայքարինք մերօրեայ մարտահրաւէրներուն դէմ“, յայտնեց ան:
Հուսկ, ձեռնարկի հանդիսավար` Նորա Քիզիրեան կատարեց փակման խօսքը, յայտնելով թէ, ամէնուրէք հայկական գաղութները կը փորձեն իրենց դատին կարելի եղածին չափ շատ ճանաչում ապահովել արեւմտեան երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ, որպէսզի արեւմտեան հանրային կարծիքը ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ` ճանչնալու քսաներորդ դարուն մարդկութեան դէմ գործուած առաջին սպանդը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Օրուան հաւաքը աւարտեցաւ փակման աղօթքով, որ կատարեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Թովմաս Կարապետեան:
Թղթակից