Ա.Մ.Ն. ԱՐ­ՏԱ­ՔԻՆ ԳՈՐ­ԾՈՑ ՆՈՐ ՆԱ­ԽԱ­ՐԱՐ` ՃԱՆ ՔԵ­ՐԻՆ ԹՈՂ ՑՈՅՑ ՏԱՅ ԻՐ ԻՍ­ԿԱ­ԿԱՆ ԴԷՄ­ՔԸ

0 0
Read Time:8 Minute, 43 Second

johnkerry  ՅԱ­ՐՈՒԹ ՍԱ­ՍՈՒՆ­ԵԱՆ

Քա­նի մը շա­բաթ առաջ, երբ ծե­րա­կու­տա­կան Ճան Քերիի անու­նը առա­ջին ան­գամ յի­շա­տակ­ուե­ցաւ` իբ­րեւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Հի­լը­րի Քլին­թը­նի հա­ւա­նա­կան յա­ջոր­դի, ես հա­յե­րը զգու­շա­ցու­ցի չա­փէն աւե­լի ոգե­ւոր­ուե­լէ այն բա­նով, որ հայ հա­մայն­քի “լաւ բա­րե­կամ“ը պի­տի ստանձ­նէ նման ազ­դե­ցիկ պաշ­տօն մը:

Եր­կար ժա­մա­նա­կի կա­րիք չե­ղաւ բա­ցա­յայ­տե­լու, որ զգու­շու­թեան վե­րա­բե­րող իմ խօս­քերս լի­ո­վին ար­դա­րա­ցի էին: Հա­կա­ռակ հայ­կա­կան հար­ցե­րուն գծով Ճան Քերիի աջակ­ցու­թեան 30ամ­եայ տա­րեգ­րու­թեան, նա­խորդ շա­բաթ, նոր պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լէ քիչ առաջ, ան ապա­ցու­ցեց, որ նոյ­նիսկ նման մտե­րիմ “բա­րե­կամ“ը կրնայ փո­խել իր վա­ղե­մի հա­մո­զում­նե­րը` հի­աս­թա­փեց­նե­լով ամե­րի­կա­հայ հա­մայն­քը:

Ցա­ւօք պարզ­ուե­ցաւ, որ ծե­րա­կու­տա­կան Քե­րին չի տար­բե­րիր նա­խա­գահ Օպա­մա­յէն, փոխ­ նա­խա­գահ Պայ­տը­նէն եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նախ­կին նա­խա­րար Հի­լը­րի Քլին­թը­նէն: Իբ­րեւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ծե­րա­կու­տա­կան­ներ եւ նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­ներ, անոնք բո­լորն ալ շռայլ խոս­տում­ներ տուած էին` ձգտե­լով ստա­նալ ամե­րի­կա­հայ ընտ­րող­նե­րուն աջակ­ցու­թիւնը, սա­կայն բո­լո­րո­վին ան­տե­սե­լով զա­նոնք` պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան անց­նե­լէ ետք:

Թէ­եւ ոմանք կրնան պնդել, որ հա­յե­րը պէտք է միայն իրենք զի­րենք մե­ղադ­րեն ան­պար­կեշտ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու վստա­հել­նուն հա­մար, սա­կայն կը կար­ծեմ, որ ընտ­րող­նե­րը իրա­ւունք ու­նին ակն­կա­լե­լու, որ ընտր­ուած պաշ­տօն­եա­նե­րը յար­գեն իրենց խոս­տում­նե­րը: Հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին, հան­րու­թեան ստե­լը կը դառ­նայ ըն­դու­նե­լի գոր­ծե­լա­կերպ` առանց ու­նե­նա­լու այն հե­ռան­կա­րը, որ խա­բե­բայ պաշ­տօն­եա­նե­րը կրնան փո­խա­րին­ուիլ ազ­նիւ պաշ­տօն­եա­նե­րով:

Անց­եալ շա­բաթ ծե­րա­կու­տա­կան Քե­րին մէկ գի­շեր­ուան մէջ կեր­պա­րա­նա­փոխ­ուե­ցաւ, երբ իր քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէ­զին ըն­թաց­քին առա­ջին ան­գամ խու­սա­փե­ցաւ օգ­տա­գոր­ծե­լէ “Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն“ եզ­րը: Նա­խա­պէս ծե­րա­կու­տա­կան Քե­րին խիստ քննա­դա­տու­թեան կ՛են­թար­կէր Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ­ներն ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը չճանչ­նալ­նուն հա­մար: Ճա­կա­տա­գի­րի հեգ­նան­քով, այժմ ան կը հրա­ժա­րի կա­տա­րե­լէ բան մը, որուն մա­սին եր­կար տա­րի­ներ շա­րու­նակ ինք կը քա­րո­զէր ու­րիշ­նե­րուն:

Ծե­րա­կու­տա­կան Քե­րին ապա­ցու­ցեց, որ ինք այն մար­դը չէ, որ եղած է, երբ կը պա­տաս­խա­նէր հայ­կա­կան հար­ցե­րուն առն­չու­թեամբ դե­մոկ­րա­տա­կան ծե­րա­կու­տա­կան­ներ Ռո­պերթ Մե­նեն­տե­սի եւ Պար­պա­րա Պոք­սը­րի գրա­ւոր հար­ցում­նե­րուն` ծե­րա­կոյ­տի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին առ­ջեւ, իր հաս­տատ­ման շուրջ տե­ղե­կա­նա­լէն ետք:

Ի պա­տաս­խան Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րող իր մօ­տե­ցում­նե­րուն հար­ցու­մի մը` ծե­րա­կու­տա­կան Քե­րին անա­մօ­թա­բար կրկնեց նա­խա­գահ Օպա­մա­յի մեղ­մա­ցու­ցիչ բա­ռե­րը, զորս վեր­ջի­նը սո­վո­րա­բար կ՛օգ­տա­գոր­ծէ Ապ­րիլ 24-ի իր տա­րե­կան ելոյթ­նե­րուն ըն­թաց­քին: Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան թեկ­նա­ծուն ծե­րա­կոյ­տին մէջ իր եր­կա­րամ­եայ աս­պա­րէ­զին ողջ ըն­թաց­քին “Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն“ եզ­րը օգ­տա­գոր­ծե­լէն ետք, յան­կարծ կը խու­սա­փի այդ եզ­րէն եւ կը գոր­ծա­ծէ անգ­լե­րէն լեզ­ուի բա­ռա­րա­նին մէջ գտնուող տար­բեր բա­ռեր, բա­ցի` ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն: Ահա թէ ի՛նչ ըսաւ ան.

“Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւնը յստա­կօ­րէն կ՛ըն­դու­նի պատ­մա­կան փաս­տը, որ Օս­ման­եան կայս­րու­թեան մայ­րա­մու­տին մէ­կու­կէս միլի­ոն հայ կո­տոր­ուած կամ սպանն­ուած է տե­ղա­հա­նու­թեան ըն­թաց­քին, եւ կը ցա­ւի ատոր հա­մար: Այդ իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը դար­ձան 20րդ դա­րու ամե­նա­սար­սա­փե­լի վայ­րա­գու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ կը գի­տակ­ցին, որ կա­տար­ուա­ծը մեծ ցաւ է Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին, բո­լոր հա­յե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­ներ կրող մար­դոց հա­մար: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը ամէն տա­րի` Ապ­րիլ 24-ին, Յի­շա­տա­կի օր­ուան ըն­թաց­քին կը յար­գէ զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը, որ­պէս­զի մենք եր­բեք չմոռ­նանք պատ­մու­թեան այդ մութ էջը“:

Յա­ջորդ հար­ցու­մով իրեն յի­շե­ցու­ցին, որ ինք հո­վա­նա­ւոր պի­տի ըլ­լար Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը օրէնսդ­րօ­րէն ճանչ­նա­լու. Քե­րի խու­սա­փե­ցաւ այս նիւ­թէն` պնդե­լով, որ ինք պար­տա­ւոր է “հա­ւա­տար­մօ­րէն ներ­կա­յաց­նել Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին եւ վար­չա­կազ­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը“:

Հի­աս­թա­փեց­նող էր նա­եւ ծե­րա­կու­տա­կան Քերիի պա­տաս­խա­նը Հայ-թրքա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցում­նե­րուն: Ան պնդեց, որ պի­տի շա­րու­նա­կէ աջակ­ցիլ նա­խա­գահ Օպա­մա­յի եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Քլին­թը­նի ձա­խո­ղած ջան­քե­րուն` ճնշում գոր­ծադ­րե­լով Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ վրայ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու վա­ւե­րաց­ման հա­մար: Չորս տա­րի առաջ, առան­ձին հան­դիպ­ման մը ըն­թաց­քին, երբ ծե­րա­կու­տա­կան Քե­րին ծե­րա­կոյ­տի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վին նա­խա­գահն էր, ես անոր բա­ցատ­րե­ցի, թէ ին­չո՛ւ Հայ-թրքա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը դա­տա­պարտ­ուած են ձա­խող­ման եւ կը հա­կա­սեն Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին շա­հե­րուն: Այն ատեն իմ փաս­տար­կում­ներս հա­մո­զիչ թուե­ցան ծե­րա­կու­տա­կա­նին: Իսկ այժմ ան փոխ­ուած է եւ կ՛ա­ջակ­ցի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բեր­եալ Օպա­մա­յի վար­չա­կազ­մի դիր­քո­րոշ­ման, իսկ Թուրք­ի­ան Ատր­պէյ­ճա­նի ճնշման տակ, բա­րե­բախ­տա­բար, կը հրա­ժա­րի զա­նոնք վա­ւե­րաց­նե­լէ:

Ի պա­տաս­խան այլ գրա­ւոր հար­ցու­մի մը` ծե­րա­կու­տա­կան Քե­րի նշեց, որ պատ­րաստ է հան­դի­պե­լու ամե­րի­կա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան հետ, բան մը, որ­մէ վեր­ջին չորս տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին կը հրա­ժա­րէ­ին նա­խա­գահ Օպա­ման եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Քլին­թը­նը: Նման հան­դի­պում մը հայ հա­մայն­քին կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ բա­ցատ­րե­լու ծե­րա­կու­տա­կան Քերի­ին, թէ ին­չո՛ւ Օպա­մա­յի վար­չա­կազ­մը ի զուր ժա­մա­նակ կը վատ­նէ` Թուրք­իոյ ստի­պե­լով վա­ւե­րաց­նել ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը: Թուրք ղե­կա­վար­նե­րը յստա­կօ­րէն հասկ­ցու­ցած են, որ իրենք ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը աւար­տին պի­տի չհասց­նեն, քա­նի դեռ հա­յե­րը Ար­ցա­խի մէջ տա­րած­քա­յին զի­ջում­ներ չեն ըրած յօ­գուտ Ատր­պէյ­ճա­նի:

Թէ­եւ ամե­րի­կա­հա­յե­րը չեն կրնար գոհ ըլ­լալ հայ­կա­կան հար­ցե­րուն վե­րա­բեր­եալ ծե­րա­կու­տա­կան Քերիի հա­մո­զոմ­նե­րուն կտրուկ փո­փո­խու­թե­նէն, սա­կայն ան­կախ պատ­ճառ­նե­րէ, անոնք պար­զա­պէս ստիպ­ուած են այժմ հան­դի­պե­լու եւ աշ­խա­տե­լու անոր հետ, որ ար­դէն Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նին վրայ է: Հա­յե­րուն մի­ակ փա­փա­քը այն է, որ իրենք պար­բե­րա­բար կա­րե­նան հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ ԻՍ­ԿԱ­ԿԱՆ Ճան Քերի­ին հետ, զոր կը ճանչ­նա­յին եւ կը սի­րէ­ին վեր­ջին 30 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին:

 

ՌՈՒ­ԶԱՆ­ՆԱ ԱՒԱԳ­ԵԱՆ

Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծեց`

“Եռա­գոյն“ կայ­քէ­ջը

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles