Ա․Մ․Ն․ Համազգայինի «Փեթակ» ծրագիրը՝ Օգոստոս 5-19-ին

0 0
Read Time:43 Second

Երկու տարի շարունակ առցանց դրութեամբ կատարելէ ետք «Փեթակ» ծրագիրը,  Միացեալ Նահանգներու Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութիւնը այս տարի կը կազմակերպէ նոյնանման ծրագիր մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆիլատելֆիոյ մօտակայ Հէյվըրֆորտ շրջանի հանրածանօթ հանգստավայր St. Raphaela Retreat Center-ին մէջ։

Այս ծրագրին կրնան մասնակցիլ 10-14 տարեկան պատանիներ: Անիկա բաղկացած պիտի ըլլայ բազմաթիւ աշխատանոցներէ՝ արուեստ, գիտութիւն եւ լրագրութիւն։ Իսկ իւրաքանչիւրի պարագային պատանիներուն հետ պիտի աշխատին համապատասխան մասնագէտներ:

Դասընթացքները տեղի կþունենան արեւմտահայերէնով՝ առիթ տալով պատանիներուն, որպէսզի աւելի գործածեն իրենց մայրենի լեզուն։

Այս գծով Համազգայինի ArtLinks ծրագրի պատասխանատու դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան կը յայտնէ. «Լեզուն կարելի չէ սափորի մէջ զետեղել եւ պահել։ Պէտք է միշտ գործածել։ Կþուզենք որ այս պարման-պարմանուհիները ազատօրէն խօսին, զրուցեն եւ արտայայտուին»։

Հետեւաբար այս ծրագիրը առիթ մը պիտի ըլլայ որ ապագայի սերունդը կառչած մնայ իր լեզուին եւ մշակոյթին։ Նշենք, թէ միայն երեսուն մասնակցողներու համար վերապահուած է այս ծրագիրը։

Մանրամասնութիւններու համար, այցելել կայքէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles