Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ․ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ

Կիրակի, 1 Մարտին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Դանիէլեան ներկայ եղաւ Նիւ Ճըրզիի (Ռիճֆիլտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագին։ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց նիւթ ունենալով օրուան աւետարանական ընթերցումը։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը նախագահեց Հ․Օ․Մ․-ի հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամներու հոգիներուն ի հանգիստ, ինչպէս նաեւ Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի ջարդերուն զոհ գացած անմեղ հայորդիներու հոգիներուն համար։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Հայ Օգնութեան Միութեան մեծ ընտանիքի առաքելութիւնը եւ ըսաւ. «Հ․Օ․Մ․-ը գթասրտութեան աշխարհատարած իր թեւերով, բարեգործութեամբ կը հասնի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներու օժանդակութեան, պահապանն է հայ մշակոյթի ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդի բարձրագոյն ուսման հովանաւորը»։
Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով Պաքուի եւ շրջայից ջարդերուն, ըսաւ. «Անցեալը պէտք չէ մոռացութեան տալ, որովհետեւ եթէ ուշադրութեամբ հետեւինք ահաւոր աղէտներու շարքին՝ 1890-ական թուականներու համիտեան ջարդերուն, 1909-ի կիլիկեան ջարդերուն, 1915-ի ցեղասպանութեան, 1988-ի փոկրոմներուն, 2023-ի արցախահայութեան տեղահանութեան, անոնք մէկ բան կը ցուցանշեն՝ թէ մեր ժողովուրդի գոյութեան դէմ սադայէլական ահաւոր ոճիր գործադրուած է, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս, որուն դիմաց պէտք է բոլորս վճռական կերպով պատրաստ ըլլանք դիմակալելու այս ամէնքը եւ աւելին, միշտ հաւատալով Աստուծոյ նախախնամութեան, որ մեր ժողովուրդի պահապանը եղած է, է եւ պիտի ըլլայ»։
Յաւարտ Պատարագի, Սրբազան Հայրը միացաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի եօթը մասնաճիւղերէ ժամանած սկաուտական շրջանային համագումարին եկեղեցւոյ սրահին մէջ եւ խօսք ուղղեց ներկաներուն։ Ան ըսաւ, թէ Հ․Մ․Ը․Մ․-ը այն միութիւնն է, որ ո՛չ միայն մարմնակրթանք, այլ նկարագիր եւ անհատականութիւն կերտող կազմակերպութիւն մըն է։ Քաջալերեց, որ այս ոգիով սկաուտները յարատեւեն իրենց աշխատանքներուն մէջ։

