Լրահոս

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան Այցելեց Ֆիլատելֆիա

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 20-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան այցելեց Ֆիլատելֆիա (Փենսիլվանիա) եւ տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանի, եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու եւ անդամներու ընկերակցութեամբ, այցելութիւն մը կատարեց շինարարութեան մէջ գտնուղ քաղաքի ժառանգութեան պարտէզին։ Ծրագրի հոգաբարձութեան անդամներ առաջնորդեցին այցելուները, մանրամասն բացատրութիւններ տալով Փոքր Մհերի արձանին շուրջ կառուցուող այս ծառուղիին գլխաւոր գիծերուն մասին։ Սրբազան Հայրը յատկապէս տպաւորուեցաւ ճարտարապետական լուծումներու, վայրի բարեզարդման եւ լուսաւորութեան խորհրդանշական իմաստէն։ Ան բարձրօրէն գնահատեց այս գործին որակը, «ուր բազմաթիւ մանրամասնութիւններ կան, որոնք ո՛չ միայն ճարտարապետի մտքէն կու գան, այլ սրտէն։ Սիրով ու տեսլականով լի գործ մըն է»։

Կիրակի, 21 Դեկտեմբերին, բարեջան Առաջնորդը մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։  Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ․ Վրդ. Թինքճեան։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, կիրակնօրեայ վարժարանը կազմակերպած էր Սուրբ Ծննդեան աւանդական հանդէսը: Աւարտին, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւը, կիրակնօրեայի տեսչուհին եւ անձնակազմը իրենց տարած գովելի աշխատանքին համար։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button