
Կիրակի, Նոեմբեր 20-ին տօնեցինք Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի 65-ամեակը։ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, որուն հետեւեցաւ պաշտօնական տօնախմբութիւնը Terrace on the Park-ի (Քուինզ) սրահին մէջ։
Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ․ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ․ Տ․ Թորգոմ Տօնոյեան մասնակցեցան Թեմին 65-ամեայ ծառայութեան պաշտօնական ձեռնարկերուն։
1957 թուականին, Հիւսիսային Ամերիկայի Ազգային Առաջնորդարանի Երեսփոխանական Ժողովէն լիազօրուած խումբ մը ազգայիններ ափ առնելով Անթիլիաս, խնդրամատոյց եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ՝ Զարեհ Ա․ Փայասլեան Կաթողիկոսին, որպէսզի Առաջնորդարանը Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի հովանաւորութիւնը վայելէր։ Խոհեմազարդ եւ հեռատես Հայրապետը, ըմբռնելով կացութեան ճակատագրական բնոյթը, Հոկտեմբեր 12, 1957 թուակիր կոնդակով, հայրական ջերմ գուրգուրանքով օրհնութիւնը տուաւ ազգաշէն ու ծառայական այս առաքելութեան։
Անցնող 65 տարիներուն, Արեւելեան Թեմին Ազգային Առաջնորդարանը իր ժողովուրդին անսակարկ ծառայութիւն մատուցած ու բարգաւաճած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ։
2019-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանը, Ազգային Առաջնորդարանի Գոհաբանութեան Օր հաստատեց, Գոհաբանութեան տօնը հայեցի շունչով պատելով եւ երկու աշխարհներու լաւագոյնը քով-քովի բերելով։ Քիչ աւանդութիւններ կան, որոնք Գոհաբանութեան նման սահմանները կ՚անցնին։
Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։