Ափսո՜ս , Նոյն Մտայնութիւնն Է…

1 0
Read Time:3 Minute, 45 Second

ՄԻՀՐԱՆ  ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Աթէնք, 6 Օգոստոս 2022

Կ’ենթադրեմ, թէ առարկող պիտի չգտնուի, եթէ ըսեմ,  որ  Խորհրդային Միութեան  արտաքին գործոց  նախարարները իրենց պաշտօնին իսկ բերումով  ճանչցած, լաւ կշռած ու ճիշդ գնահատած էին համաշխարհային իրադրութեանց մէջ  ծանրութիւն ներկայացնող  «ուժ»երու համեմատական արժէքը: Այդ նախարարներէն վերջինը՝ վրացի  Սեւարնանծէ  սովետի փլուզումէն ետք դարձաւ Վրաստանի  նախագահ: Ասուլիսի մը ընթացքին,  դժուարութեանց մէջ գտնուող  իր երկրի կացութեան ակնարկելով եւ Կովկասեան միւս երկու  երկիրներու  հետ բաղդատական մը կատարելով  դիտել տուաւ ան, որ  Ատրպէյճան նաւթ ունի, իսկ Հայաստան՝ սփիւռք: Վրաստան զրկուած է այդ երկու բարիքներէն…:

Նաւթ եւ սփիւռք՝ զուգահեռ…:

Աւելորդ է շեշտել, թէ որեւէ սփիւռք իր էութեամբն իսկ ենթակայ է օտարումի: Օտարում՝ հայրենիքէն , ազգէն ու ազգային արժէքներէն:

Ահա թէ ինչու սփիւռք ունեցող հայրենիքներ պետական ծրագիր կը մշակեն, յատուկ պիւտճէ կը տրամադրեն, կրթական ու քարոզչական հսկայ աշխատանք կը ծաւալեն, որպէս զի ազգին սփիւռքեան հատուածը հոգեպէս ու քաղաքականապէս չխզուի հայրենիքէն:

Մեր պարագային, անուղղայ (փարատոքսալ) կացութիւն մը ստեղծուեցաւ վերանկախացման առաջին օրէն ու կը շարունակուի մինչեւ հիմա: Սփիւռքը ինքն է, որ տէր կանգնեցաւ ու կը շարունակէ  կանգնիլ ազգին ու հայրենիքին անխզելի մասը կազմելու իր իրաւունքին, ի հեճուկս Հայաստանի քաղաքական-իշխանական հին թէ նոր ղեկավարութեան, որ միշտ փորձեց ու կը շարունակէ փորձել բաժանման սահմանագիծ մը քաշել Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան միջեւ եւ կամ՝ սփիւռքը  ունենալ… գրպանի մէջ…:

Ազգային ու բարոյական պարտադրանքները պահ մը նոյնիսկ անտեսելով եւ միայն իրապաշտ, իշխանաւորներու սիրած բառով՝ «բրակմաթիք»  հաշուարկներ կատարելով  մեր ղեկավարները չգիտցան կամ չես գիտեր ինչու չուզեցին գիտնալ   այն պարզագոյնը, զոր ի լուր աշխարհին  բարձրաձայնած էր օտար դիւանագէտ-քաղաքական  գործիչը.

Ատրպէյճան նաւթ ունի, իսկ Հայաստան՝ սփիւռք…

Երեսուն  տարի առաջ սփիւռքահայը պիտակաւորուեցաւ «ՕՏԱՐԵՐԿՐԱՑԻ» , զոր չէր լսած ան իր ապրած օտար երկրի օտար իշխանաւորէ մը, նոյնիսկ՝ տեղացի պարզ քաղաքացիներէ:

Իսկ երեսուն տարի վերջ, այսօր, Հայաստանէն հարց տուող կայ սփիւռքահայուն՝ « Մուրատ, ո՞րն է քու հայրենիքդ…:

Ափսո՜ս…

Տարիներ առաջ, հանրային հանդիպումի մը ընթացքին, այս գրութեան ոգիով երբ սփիւռքի  նախկին նախարարուհի՝ Հրանոյշ Յակոբեանին յայտնեցի  վրացի նախագահի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը, ան դիպուկ յաւելում մը ըրաւ. «մանաւանդ որ նաւթը կը  սպառի, մինչ մարդուժը կ’աւելնայ…»:

Բայց…նոյն մտայնութիւնը կը յամենայ տակաւին:

Կը թուի, թէ Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովները մնացած են իրենց ձեւական պարունակին մէջ եւ մտայնութեանց բեկում չեն յառաջացուցած: Այլապէս, ինչպէ՞ս պիտի բացատրուի Հայաստան մուտքի այն արգելքը,  որ նորերս զաւեշտալի պատճառաբանութիւններով դրուեցաւ երեք սփիւռքահայու դիմաց, որոնցմէ մին հայրենիքի համար պայքարող-մարտնչող ֆրանսահայ հանրածանօթ ու հանգամանաւոր անձնաւորութիւն, միւսը հայ դատի նուիրեալ մը, իսկ երրորդը… ճիշդ է կարդացածնիդ՝ 22-23 տարեկան երիտասարդուհի, որ Հոլանտայէն իր հայրենիքը գացած էր բանակումի մասնակցելու խանդավառութեամբ: Թէ տակաւին արգիլուածներու ցանկը որքան երկար է, ցանկ կա՞յ թէ չկայ , մարդ չի գիտեր…Հիչքոքեան suspense : Կ’երթաս Հայաստան, ուր օդակայանին մէջ կը պարզուի, թէ  ցանկին մէ՞ջ ես կամ չես:

Գիտենք, որ աշխարհի սկիզբէն ի վեր ուժ  ունեցողը կը գործածէ իր ուժը, բայց ոչ անհեթեթ համեմատութեամբ: Այսինքն, պարզապէս ուժդ ցուցադրելու նպատակով բաց դուռը չես խորտակեր ներս մտնելու համար:

Ենթադրելի է, բայց ոչ զարմանալի, որ Հայաստանի հանրապետութեան  վարչապետը հրահանգողը եղած ըլլայ հայրենակարօտ սփիւռքահայերու հայրենիք մուտքի արգելքին: Այլապէս, ըստ իր  յոխորդ նկարագրին ու բնաւորութեան , միջամտած պիտի ըլլար ան, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան պատասխանատուները պիտի յանդիմանէր, որ իրենց այս արարքով ոչ թէ կ’ապահովեն պետութեան անվտանգութիւնը, այլ ընդհակառակն.  վտանգ կը դառնան հայրենի պետութեան վարկին ու հեղինակութեան:

Զարմանալին եւ ընդվզեցուցիչը վարչապետի  որոշումէն ետք, պարագան է բազմաթիւ քաղաքացիներու, որոնց կարգին նաեւ մտաւորականներու,որոնք ոչ միայն կ’արդարացնեն  ըստ ամենայնի դատապարտելի անհամաչափ ուժի այս անհեթեթ կիրարկումը, այսինքն Հայաստան մուտքի անհասկնալի արգելքը, այլ նաեւ  կողմնակից են անոր:

Պայման չէ, որ համաձայն ըլլաս կամ ներողամիտ՝ տարբեր երկիրներու մէջ  Հայաստանի պետական ներկայայցուցիչներու դէմ բողոքի ամէն շարժուձեւի ու ոճի: Նոյնիսկ բնական իրաւունք է դատապարտել զանոնք: Վստահաբար կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք գործող կառավարութեան դէմ բողոքող ըլլալով հանդերձ, իրենց քաղաքական ճաշակին կամ ըմբռնումներուն յարիր չնկատեն բողոքի արտայայտութեան   այս կամ այն ձեւը ու մասնակից չդառնան անոր…: Հարցական է հիմա, թէ իշխանութեան դրած մուտքի արգելքը այդ երեք սփիւռքահայուն բողոքող ըլլալնո՞ւն , թէ անոնց դրսեւորած բողոքի ձեւին, այսինքն՝ճաշակին  համար է …:

Յամենայնդէպս, որեւէ պարագայի հայաստանով տագնապող, բայց սփիւռքի մէջ ապրող պանդուխտ հայուն աքսորել իր սեփական հայրենիքէն, պարզապէս ուժի անհեթեթ կիրարկում է,  որ արդարացում չունի եւ որ պէտք չէ կրկնուի, մանաւանդ պէտք չէ «օրէնքի» ուժ ստանայ ան այնպէս, ինչպէս  որ կ’առաջարկեն կարգ մը մտաւորականներ պարզ անոր համար, որ չքանայ տպաւորութիւնը, թէ երկիրը անձնական քմայքով կը կառավարուի…:

Այս խնդիրը լրագրական պարզ լուր մը  չէ, որ իր այժմէականութիւնը կորսնցնէ ու մոռացութեան մատնուի՝ ռազմաքաղաքական նորովի ու ողբերգական զարգացումներուն պատճառով : Լրջագոյնս մտահոգիչ է ու յղի, որուն համար անհրաժեշտ է հնարաւոր ամէն միջոցի դիմել ու միջամտութիւններ կատարել՝ վերականգնելու համար  աքսորեալ երեք սփիւռքահայու հայրենիք մուտքի անբռնաբարելի իրաւունքը:

Ափսո՜ս, որ նորանոր տագնապներ կը ստեղծենք, երբ այնքան տագնապալի է հայրենիքի ճգնաժամը, որուն մէջ կը գալարուի ան անորոշ  ներկայի մը մէջ եւ նոյնքան անորոշ ապագայի մղձաւանջով…:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles