
«Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի երրորդ դափնեկիրը Միանմարի մէջ ռոհինճա ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարող իրաւաբան Չօ Լա Աունն է: Դափնեկիրին անունը յայտարարուեցաւ 10 յունիսի լուսաբացին` Խոր Վիրապի վանքին յարակից տարածքին մէջ` Արարատի ստուերին ներքեւ, իբրեւ արշալոյսի` նոր լուսաւոր սկիզբի խորհրդանիշ: 115 երկիրներէ առաջադրուած 750 թեկնածուներէն այս տարուան «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր ընտրուած Չօ Լա Աունը տասնամեակներ շարունակ իրաւապաշտպան գործունէութիւն կը ծաւալէ քաղաքացիութենէ զրկուած իր ռոհինճա ժողովուրդի իրաւունքներուն համար:
Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցած «Աւրորա»-ի մարդասիրական նախաձեռնութեան ` «Աւրորա` ի պատիւ 2018 թուականի դափնեկիրի» խորագիրով ձեռնարկին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը եւ տիկինը` Նունէ Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր կնոջ` Աննա Յակոբեանի հետ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ խօսքով, որուն մէջ գնահատած է «Աւրորա»-ի մարդասիրական նշանակութիւն ունեցող մրցանակաբաշխութիւնը եւ հետապնդած նպատակները: