ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

0 0
Read Time:56 Second

p1 aus

ԵՐԵՒԱՆ.- Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալէսի (New South Wales) նահանգի խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը, ընկերակցութեամբ` Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, շաբաթասկիզբին այցելեց Հայաստան: Պատուիրակութիւնը կը նախագահէր Հայ-Աւստրալիական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի նախագահ Ճոնաթան Օտին:

Նախագահ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց պատուիրակութեան անդամներուն` Հայ-Աւստրալիական միջպետական կապերու ամրապնդման, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման գործին մէջ, աշխոյժ եւ հետեւողական գործունէութեան համար:p1 aus2

Աւստրալիոյ մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին նահանգին  խորհրդարանական եօթը հոգինոց պատուիրակութիւնը Յուլիս 16-ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ուր յարգանքի տուրք մատուցեց նահատակներու յիշատակին` ծաղիկներ զետեղելով անմար կրակին շուրջ: Ապա խորհրդարանականները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր շրջագայելէ եւ փաստաթուղթերուն ու վաւերագրութիւններուն ծանօթանալէ ետք արձանագրութիւններ կատարեցին հիւրերու յատուկ յուշամատեանին մէջ:

Պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ ունեցան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ: Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ հետագայ համագործակցութեան ամրապնդման հարցեր:

Ողջունելով հիւրերը` Ազգային ժողովի նախագահ` Աբրահամեան նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ խաղաղ ովկիանոսեան շրջանի երկիրներուն եւ մասնաւորաբար Աւստրալիոյ հետ յարաբերութիւններու խորացումն ու ամրապնդումը երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով: Ըստ անոր, վերջին տարիներուն հայ-աւստրալիական քաղաքական կապերը զգալիօրէն աշխուժացած են եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու խորացման համար առկայ են լաւ նախադրեալներ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles