Լրահոս
ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՃԱՆՉՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ միաւորուած եկեղեցին Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-1923 թուականներուն հայ ժողովուրդին հետ տեղի ունեցածը պաշտօնապէս ճանչցաւ իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Աւստրալիոյ միաւորուած եկեղեցին ազգային մակարդակի երրորդ մեծ կառոյցն է, եւ 1915 թուականի դէպքերը` հայ ժողովուրդի սպանութիւնները եւ զանգուածային տեղահանումը կը ճանչնայ իբրեւ Ցեղասպանութիւն:
Աւետարանական այս եկեղեցին Աւստրալիոյ մէջ ունի աւելի քան 2500 թեմ եւ շուրջ մէկ միլիոնէ աւելի հետեւորդներ: Անիկա թիւով երրորդ մեծագոյն եկեղեցական հաստատութիւնն է` անկլիքան եւ կաթողիկէ եկեղեցիներէն ետք: Կառոյցին մաս կը կազմէ նաեւ Սիտնիի Հայ Աւետարանական եկեղեցին:


