
“Ազգերու լիկային ղրկուեցան քառասուն արկղ տեղագիր
հայկական հալածանքներու մասին, որոնք սակայն այս գիրքին կատարած դերին մէկ հազարերորդին չափ օգուտ չունեցան…
Մարդոց զգացումը սխալ ճամբու մէջ էր
Ան պիտի ուղղուէր, եւ Ֆրանց Վերֆէլի գիրքը կատարեց այդ ուղղումը“:
Պատմաբան ՀԵՆՐԻՔ ՎԱՆ ԼՈՒՆ
Հ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Գերմանիա,
Դեկտեմբեր 2013
Այս տարի Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ նշուեցան հայ ժողովուրդի բարեկամ, աւստրիացի, ծնած Փրակա, տաղանդաւոր վիպասան Ֆրանց Վիքթոր Վերֆէլի` “Մուսա Լերան Քառասուն Օրեր“ վէպի առաջին հրատարակութեան 80ամեակին նուիրուած ցուցադրութիւններ եւ բանախօսութիւններ:
Նոյեմբեր 1933-ին, լոյս տեսաւ Ֆրանց Վերֆէլի “Մուսա Լերան Քառասուն Օրեր“ գիրքը` նուիրուած մեր ժամանակակից պատմութեան ամենէն փառապանած մէկ դիւցազնամարտին:
Եւրոպացի պատմագէտներու եւ գրագէտներու համար մշտական սովորութիւն էր Հայութեանը ներկայացնել իբրեւ ժողովուրդ մը, որ իր պատմութեան մէջ սահմանուած է ջարդելու, նահատակուելու յանուն իր քրիստոնէական հաւատքին եւ իբրեւ այդպիսին արժանի` կարեկցութեան ու ողորմութեան:
“Մուսա Լերան Քառասուն Օրեր“ վէպին հեղինակը ծանօթացրեց Հայութեան պատմութիւնը քաղաքակիրթ աշխարհի մարդկութեան եւ անմահացրեց Մեծ Եղեռնի օրերուն Մուսա Լերան հայ ժողովուրդի ցուցաբերած հերոսական ընդվզումն ու փառապանած յաղթանակը:
Այս գիրքը քարոզչական լաւագոյն ծառայութիւնը կը մատուցանէ երկար տարիներէ ի վեր: Հայութիւնը ճանչցնելու համար քաղաքակիրթ աշխարհին` իր իսկական, հարազատ դիմագիծով, իբրեւ հայրենասէր, առնական, քաջարի ազգ մը, որ գիտէ ծայանալ զինքը կեղեքող բռնակալ Պետութեան դէմ եւ զէնքով պաշտպանել իր հայրենի հողն ու ընտանեկան պատիւը:
Օգոստոս 26, 1945-ին Ֆրանց Վերֆէլ յանկարծամահ կ՛ըլլայ իր գրասեղանի վրայ, Գալիֆորնիոյ Պէվըրլի Հիլզի իր բնակարանին մէջ:
Հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ վերապատուելի դոկտ. Եոհաննէս Լեփսիուսը եղաւ հայ ժողովուրդի փաստաբանը, իսկ ազնիւ եւ հայասէր Ֆրանց Վերֆէլը եկաւ եւ անմահացուց Եոհաննէս Լեփսիուսը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Մարտ 10-12, 2013ին, Գերմանիոյ Փոթստամ քաղաքին մէջ “Եոհաննէս Լեփսիուսի Տուն“ միութիւնը կազմակերպած էր միջազգային գիտաժողով մը նուիրուած վիպասան Ֆրանց Վերֆէլի յիշատակին, համագործակցութեամբ Փոթստամի Մովսէս Մենդէլսոնի հիմնարկին հետ: “Ցեղասպանութիւն եւ Գրականութիւն, Ֆրանց Վերֆէլը հայկական, հրէական, թրքական եւ գերմանական հեռանկարին մէջ“ խորագրով:
Ապրիլ 1913ին, Հ.Հ. Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը եւ Հ.Հ. Ազգային գրադարանը կազմակերպած էին ցուցահանդէս` նուիրուած Ֆրանց Վերֆէլի “Մուսա Լերան Քառասուն Օրեր“ վէպին առաջին հրատարակութեան 80-ամեակին:
Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին, ներառուած էին զանազան տարիներուն եւ զանազան լեզուներով լոյս տեսած հրատարակութիւնները:
Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնարկը այս առիթով “Երախտագիտութիւն“ շարքով թողարկած է Ֆրանց Վերֆէլի ոսկեզոծուած յուշամետալ…
Նոյեմբեր 26, 2013 Աւստրիոյ ORF Ռատիօ-հեռուստատեսութեան մշակութային դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանց Վերֆէլի “Մուսա Լերան Քառասուն Օրեր“ վէպի առաջին հրատարակման 80-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր միջոցառումը:
Կազմակերպիչներն էին Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը եւ Աւստրիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքը:
Կազմակերպմանը իրենց օժանդակութիւնը բերած էին նաեւ Աւստրիոյ Ռատիօ-հեռուստատեսութեան ORF Ռատիօ-մշակութային տունը, Աւստրիոյ Ազգային գրադարանը, Աւստրիոյ Գրականութեան կազմակերպութիւնը եւ “Ֆրանց Վերֆէլ“ի յանձնախումբը:
Օրուան ծրագիրը “40 օր 100 տարի, Ֆրանց Վերֆէլ գրականութիւնը որպէս պատմութեան հայելի“ վերնագրով եւ նուիրուած էր վէպի տպագրութեան 80-ամեակին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պատմաբան դոկտ. Արման Կիրակոսեան: Յարգելի դեսպանը ծանրացաւ Ֆրանց Վերֆէլ վէպի պատմական եւ գերղարուեստական նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարի յաւերժացման…:
Երկրորդ բանախօսն էր` Աւստիոյ կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի նախարարութեան մշակութային բաժնի ղեկավար Օլիվէր Հէնհափըլ ողջունեց ներկաները:
Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Հայրապետական պատուիրակ Տիրան վրդ. Պետրոսեանը եւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան աբբահայր Պօղոս վրդ. Քոջանեանը:
Ողջոյնի խօսքէն ետք, ելոյթ ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող Փոթստամի “Եոհաննէս Լեփսիուս տուն եւ Վուփրթալի “Արմին Թ. Վեկնէր“ի կազմակերպութիւններու վարչութեան անդամ լրագրող Համօ Պետրոսեան, նիւթ ունենալով “Ֆրանց Վերֆէլի յարաբերութիւնները Եոհաննէս Լեսիուսի եւ Արմին Թ. Վեկնէրի հետ“:
Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեան ողջոյնի խօսքէն ետք, ներկաներուն զեկոյցով հանդէս եկաւ Մուսա Լերան դիւցազնամարտի վերաբերեալ թանգարանի հաւաքածոներէն յայտնաբերուած նոր տեսանիւթերու մասին:
Զալցպուրկի եւ Լոնտոնի համալսարանի դասախօսով փրոֆ. դոկտ. Ռուդիկէր Գոըրնէր որպէս օրուան գլխաւոր բանախօս, վերլուծականով ելոյթ ունեցաւ “Վերֆէլ, պատմութիւնը բառացի ընկալմամբ“ վերնագրով:
Լարային քառեակը երկու անգամ ելոյթ ունեցան կոմիտասեան ստեղծագործութիւններու կատարմամբ:
Ընդմիջման ընթացքին ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան անձամբ տեսնելու Աւստրիոյ Ազգային գրադարանի սեփականութիւն Ֆրանց Վերֆէլ “Մուսա Լերան Քառասուն Օրեր“ի վէպի ցուցադրուած բնօրինակ ձեռագիրը:
Հանդիսութեան երկրորդ բաժինը հայագէտ եւ թարգմանիչ Հերբերտ Մաուրէրը ընթերցեց Ֆրանց Վերֆէլի վէպէն հատուածներ:
Ազգային գրադարանի ձեռագրերու հաւաքածու բաժնի տնօրէն դոկտ. Անդրիաս Ֆինկըրնագէլ հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուաւ ձեռագրի վերաբերեալ:
“Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը եւ Ցեղասպանութեան 100 տարին“ վերնագրով, տեղի ունեցաւ կլոր սեղան, դոկտ. Իրինէ Սուչիի ղեկավարութեամբ: Զրոյցին կը մասնակցէին` Ֆրանց Վերֆէլի միութեան փոխ-նախագահ պատմաբան դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան, Հ. Մաուրէրը, դոկտ. Անդրիաս Ֆինկըրնագէլը, դոկտ. Ռ. Գոըրնէրը եւ գրող դոկտ. Մարիանա Գրիւբէրը:
Հանդիսութեան ներկայ էին աւելի քան 250 հոգի, Հայաստանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան դոկտ. Ալիօս Կրաուտը, Վիեննայի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անդամներ, մտաւորականներ, պատմաբաններ, գրականագէտներ եւ լրագրողներ:
Հանդիսութենէն վերջ, Հ.Հ. դեսպանորդ գրականագէտ, թարգմանիչ, գրող եւ բանաստեղծ դոկտ. Աշոտ Ալեքսանեանի խնդրանքով Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեանը աւստրիացի, գերմանացի, աւստրահայ եւ այս տողերու հեղինակը գերմանահայ, շուրջ մէկ տասնեակ մտաւորականներուն Ֆրանց Վերֆէլի վէպի հրատարակման 80ամեակին նուիրուած յուշամետալներ:
“Մուսա Լերան Քառասուն Օրեր“ վէպի բնօրինակ ձեռագիրը պահուած էր ապակիէ մի արկղին մէջ, քսան տետրակներէ կազմուած մի գիրք` Ֆրանց Վերֆէլի գլուխ գործոցը: Այնքան ուրախացայ երբ տեսայ ձեռագիրը, որովհետեւ աւելի քան 30 երկար տարիներ ի վեր կը պրպտէի Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի զանազան արխիւատուները գտնելու համար այս ձեռագիրը:
Վերապատուելի Ա.Ա. Պետիկեան այս ձեռագրի մասին “Մուսա Լերան“ յուշամատեանի մէջ հետեւեալը գրած է:
“Եւ վերջապէս, Ֆրանց Վերֆէլն ալ, ամէն մահկանացուի պէս հրաժեշտ առաւ այս աշխարհէն եւ անցաւ իր յաւիտենական փառքին եւ պսակին` որպէս ախոյեան մարդկային խղճի, արիութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան:
“Իր այրին գրեց ինծի թէ իր քովը պահած է իր ամուսնոյն ձեռագիրը գերմաներէնով` “Մուսա Լերան Քառասուն Օրեր“ուն եւ կ՛ուզէ նախապատուութիւն տալ հայերուն գնելու զայն, եթէ տասը հազար տոլար վճարեն իրեն իբրեւ գին:
“Աղքատութիւնս ողբացի ու մարդու բերան չծռած ես վճարէի պահանջուած գինը եւ գնէի այդ թանկագին ձեռագիրը: Եւ որո՞ւ կրնայի դիմել որ չ՛արժէր: Վերջապէս տպագրուած գիրքը կարդացեր էին, կամ կրնային կարդալ, չնչին գնով մը…:
“Ձեռագրի մը արժէքը ո՞վ կը գնահատէր, եթէ ոչ գիրի պատիւը, ճանչցող բացառութիւններ, որոնք անկուտի էին մեծ մասամբ, կամ ո՞ր մէկ գրատունը այդ գումարը պիտի վճարէր, որ ձեռք անցնէր զայն եւ կամ ձեռք անցնելէ ետք ալ անոր մնայուն պահպանումը երաշխաւորէր:
“Չկար, ու չկայ, մարմին մը որ այսպիսի թանկագին արժէքներու տէր ու պահապան կը կանգնի:
“Այդ ալ այդպէս մնաց եւ ո՞վ գիտէ, հետագային ուր պատսպարան գտաւ ան“:
Ֆրանց Վերֆէլ պատմեց ու փառաբանեց մուսալեռցիներուն հերոսական սխրագործութիւնները, բայց մուսալեռցին ինք դեռ ողջ է եւ ինքն է իր պատիւը եւ վկան:
Մենք, հայերս խորին երախտագիտութեամբ պէտք է յիշենք սիրելի անունը` Ֆրանց Վիքթոր Վերֆէլին: