Շաբաթ, Մայիս 23-ին, Արլինկթընի (Մասաչուսէց) Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Պոսթընաբնակ բանաստեղծ Աւիկ Տէրենցի (Տէյիրմէնճեան) «Յարութեան Հաւատ» եւ «Reflections on Life & Man» գիրքերու գինեձօնը:
Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի ատենապետ՝ Կարպիս Զէրտէլեան, որ յայտնեց թէ աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր, այս կայանը կը հանդիսանայ կապը տեղւոյն գաղութին, որ միշտ ալ կþընդառաջէ մշակութային, ազգային եւ ընկերային բնոյթ ունեցող ձեռնարկներուն:
Օրուան հանդիսավարն էր Նայիրա Բալագեոզեան:
Օրուան բանախօսն էր ազգային գործիչ եւ տարիներ շարունակ խմբագիր (նաեւ «Հայրենիք»ի) պաշտօն ստանձնած Խաժակ Մկրտիչեան:
Ասմունքողն էր Անի Առաքելեանց-Աւագեան: Ճոխ էր գեղարուեստական յայտագիրը: Մեներգողն էր Ռազմիկ Մանսուրեանը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Մարինէ Քավլաքեանի:
Սրտի խօսք փոխանցեց Պելմոնթի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Անտոն Ադամեան: Հեղինակ Աւիկ Տէրենց, իր կարգին խօսք առաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօն եւ ապա հիւրասիրութիւն:
Ներկայ մը


