
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21-ին, Արլինկթընի (Մասաչուսէց) Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Պոսթընաբնակ բանաստեղծ Աւիկ Տէրենցի (Տէյիրմէնճեան) երրորդ գիրքին գինեձօնը:
Համեմատած իր նախկին բանաստեղծութիւններուն, այս գիրքը տարբեր է: Արդարեւ, այս 144 էջերէ բաղկացած գործը կ՛ընդգրկէ քառեակներ, նաեւ արձակ ու չափածոյ խորհրդածութիւններ:
Հ.Հ. անկախութեան 22-ամեակի օրուան կը զուգադիպէր այս ձեռնարկը, որ կը հովանաւորէր Պոսթընի հայկական անկախ ձայնասփիւռի կայանը:
Այս առթիւ, ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի ատենապետ` Կարպիս Զէրտէլեան, որ յայտնեց թէ աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր, այս կայանը կը հանդիսանայ կապը տեղւոյն գաղութին, որ միշտ ալ կ՛ընդառաջէ կազմակերպուած ձեռնարկներուն:
Հակառակ խաչաձեւող այլ ձեռնարկներու, աւելի քան 150 ներկաներ ժամանած էին կեդրոն, որ իր կառոյցով իսկ արդէն կը ստեղծէ իւրայատուկ մշակութային եւ գրական մթնոլորտ:
Օրուան հանդիսավարն էր Արլինկթընի Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան տնօրէն Արա Ղազարեանց, որ իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց եւ յայտնեց թէ հակառակ ներկայ արդի ապրելաձեւին, կարդալու եւ նմանօրինակ ձեռնարկներ կազմակերպելու գաղափարը կը շարունակուի ամենայն յաջողութեամբ:
Օրուան բանախօսն էր ազգային գործիչ եւ տարիներ շարունակ խմբագիր (նաեւ “Հայրենիք“ի) պաշտօն ստանձնած Խաժակ Մկրտիչեան, որ յայտնեց թէ Աւիկ Տէրենց, այս գիրքով կը ներկայացնէ կարճ ու խտացուած քառեակներ եւ խորհրդածութիւններ, իբրեւ կիզակէտ ունենալով հայրենի հողն ու կրօնական հաւատքը: Ան բազմիցս մէջբերելով Աւիկի գործերէն գաղափարներ, ներկայացուց բանաստեղծին խոր ապրումները եւ ամրօրէն հայրենիքի եւ հայութեան կապուելու մարմաջը: Այս գծով, Աւիկ կը գրէ.-
Ազգիս յոյսով տառապեմ`
Երջանկութիւն կը կոչեմ,
Հողիս համար թէ զոհուեմ`
Ձեռնարկի յաջորդ մասը տրամադրուած էր գեղարուեստական ծրագրին: Այս առթիւ Եղիշէ Մանուչարեան, իր կողակից` Վիքթորիա Աւետիսեանին հետ թնդացուց ձեռնարկը, ներկայացնելով հայրենի գործեր, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիլիթ Շուկարեանին, որ իր կարգին առանձին ալ ներկայացուց քանի մը գործեր:
Ապա խօսքը տրուեցաւ Հայաստանէն յատուկ ժամանած ասմունքող Սիլվա Եուզպաշեանին, որ յայտնեց թէ քառեակներ պատրաստելը շատ աւելի դժուար է քան երկար բանստեղծութիւն մը աւարտելը, նկատի ունենալով որ ազդեցիկ բառեր պէտք է գործածուին եւ յատկապէս աւարտը պէտք է որ ընդգրկէ բոլոր գաղափարներն ու եզրակացութիւնը: Այս առթիւ ան հմտօրէն արտասանեց քանի մը քառեակներ եւ խորհրդածութիւններ, նաեւ վրացերէնի թարգմանուած բանաստեղծութիւններ: Աւարտին, Հ.Հ. անկախութեան տօնին առթիւ, Եուզպաշեան տպաւորիչ ելոյթով մը արտասանեց Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքերէն փունջ մը, հայերէնի թարգմանուած:
Խօսք առաւ Ուաթըրթաունի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի Աւետիս Պոյնէրեան, որ շեշտեց թէ Տէրենցի այս գործը, իրեն համար շատ հարազատ, մանաւանդ որ հաւատքի եւ քրիստոնէութեան մասին է որ կը խօսի: Ան իր խօսքին մէջ նշեց թէ ինչպէս տարագրուած մայրեր իրենց զաւակներուն հայերէն սորվեցուցած են, աւազին վրայ այբուբենը գրելով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօն եւ ապա հիւրասիրութիւն:
Թղթակից