Գլխաւոր
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ՅՈՒՇԱՔԱՐ ԶԵՏԵՂՈՒԵՑԱՒ

Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանի առթիւ, 17 Ապրիլին Վենետիկի մէջ կատարուեցաւ յուշաքարի մը քօղազերծման արարողութիւնը այն տան մուտքի կողքին, ուր վաստակաւոր հայ գրողը բնակած է 1921-1926-ին, այսպէս քաղաքին լաբիւրինթոսային քարտէսին աւելցնելով ուղեքար մը եւս, որ կը խորհրդանշէ վենետահայ հարուստ եւ հազարամեայ պատմութիւնը։

