Աւելի Քան 45 Ներկայացուցիչներ Նեցուկ Կը Կանգնին Հայ Դատի Նամակին
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- 45-է աւելի Ներկայացուցիչներ կը միանան Հայ Դատի Յանձնախումբին աջակցութեամբ Հայկական Խմբակի նամակին՝ յառաջ մղելու հայանպաստ արտաքին օգնութեան առաջնահերթութիւնները։
Արդարեւ, երկկուսակցական նամակը կը դիմէ Ներկայացուցիչներու Տան Յատկացումներու ենթայանձնաժողովին՝ պահանջելով Հայաստանի անվտանգութեան աջակցութիւն, Արցախի հայ փախստականներուն մարդասիրական օգնութիւն, Ատրպէյճանի պատասխանատուութիւն եւ ԹՐԻՓՓ նախաձեռնութեան նկատմամբ վերահսկողութիւն։
Նամակը ուղղուած է ենթայանձնաժողովի նախագահ Մարիօ Տիաս-Պալարթին (Հանրապետական – Ֆլորիտա) եւ առաջատար անդամ Լուիս Ֆրենքըլին (Դեմոկրատական – Ֆլորիտա)։ Անիկա կը պահանջէ ընդլայնել Ա․Մ․Ն․-Հայաստան անվտանգային համագործակցութիւնը, տրամադրել 100 միլիոն տոլար մարդասիրական օգնութիւն՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն, արգիլել Ա․Մ․Ն․ զինուորական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, կիրառել պատասխանատուութեան միջոցներ՝ ըստ Global Magnitsky Act-ի, եւ ապահովել քոնկրէսական վերահսկողութիւն ԹՐԻՓՓ (TRIPP) նախաձեռնութեան նկատմամբ։
Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտնեց.
«Քոնկրէսի 45-է աւելի անդամներ իրենց անունները դրած են յստակ եւ սկզբունքային պատգամի տակ․ Միացեալ Նահանգները պէտք է կանգնի Հայաստանի կողքին, պատասխանատուութեան ենթարկէ Ատրպէյճանը եւ արդարութիւն ապահովէ Արցախի հայութեան համար։ Այս նամակը՝ ապահովուած ամերիկահայութեան համազգային շարժումով, Յատկացումներու ենթայանձնաժողովին կու տայ երկկուսակցական իրաւասութիւն՝ գործելու։ 2027 թուականի յատկացումներու գործընթացը Քոնկրէսի ամէնէն ազդեցիկ գործիքներուն մէկն է, եւ այս նամակը այդ ուժը կը ծառայէ ամերիկահայ համայնքի առաջնահերթութիւններուն»։
Նամակը պատրաստած է Քոնկրէսի Հայկական Խմբակի հիմնադիր համանախագահ Ֆրենք Փալոնը (Դեմոկրատական – Նիւ Ճըրզի), եւ անոր միացած են բազմաթիւ այլ Ներկայացուցիչներ տարբեր նահանգներէ։
Հայաստանի անվտանգութեան աջակցութիւն
Նամակը կը պահանջէ տրամադրել 20 միլիոն տոլար Foreign Military Financing (FMF) եւ 10 միլիոն տոլար International Military Education and Training (IMET) ծրագիրներու շրջանակին մէջ։ Ըստ նամակին՝ այս աջակցութիւնը «կարեւոր դեր պիտի խաղայ Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւնները ամրապնդելու եւ զսպիչ գործօն ստեղծելու համար՝ Ատրպէյճանի շարունակական ծաւալապաշտական քաղաքականութեան եւ ուժի սպառնալիքներուն դէմ»։
Նաեւ կը նշուի, որ «Ալիեւի վարչակարգը կրնայ փորձել օգտուիլ Ռուսիոյ՝ Ուքրայինայի մէջ ընթացող պատերազմէն եւ Միջին Արեւելքի անկայունութենէն՝ Հայաստանի դէմ իր զինուորական առաւելութիւնը առաջ մղելու համար բանակցութիւններու այս վճռական փուլին»։
Արցախի բռնի տեղահանուած հայերուն մարդասիրական օգնութիւն
Նամակը կը պահանջէ 100 միլիոն տոլար AEECA մարդասիրական հաշուէն՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի 2023 թուականի ներխուժումը «ցեղասպանական բնոյթ ունեցող ազգային զտումի արդիւնք եղաւ՝ ամբողջ բնիկ հայկական բնակչութեան տեղահանութեամբ»։
Նշուած է նաեւ, որ այս ողբերգութիւնը հետեւեցաւ «տասը ամիս տեւած շրջափակումին, երբ Ատրպէյճանը դիտաւորեալ կերպով աւելի քան 120,000 հայեր զրկեց սնունդէ, վառելանիւթէ, դեղորայքէ եւ կենսական այլ պիտոյքներէ»։
Քոնկրեսի անդամները կը զգուշացնեն, որ ներկայ օգնութիւնը «բաւարար չէ այս ընտանիքներու մնացեալ կարիքները հոգալու համար», եւ կը նշեն, որ Ատրպէյճանի մերժումը՝ ապահովելու հայերու անվտանգ վերադարձը իրենց տուները, կը մնայ տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան խոչընդոտ։
Ատրպէյճանի պատասխանատուութիւն եւ հայ գերիներու ազատ արձակում
Նամակը կը կոչ ընէ ամբողջութեամբ արգիլել ԱՄՆ զինուորական օգնութիւնը Ատրպէյճանին՝ նշելով, որ «չնայած խաղաղութեան բանակցութիւններուն, Ատրպէյճանը կը շարունակէ վարքագիծ, որ կը հակասէ խաղաղութեան իր յայտարարուած պարտաւորութիւններուն»։
Անիկա կը յիշեցնէ, որ 16 հայ ռազմագերիներ դատապարտուած են 15 տարիէ մինչեւ ցմահ ազատազրկման՝ «կեղծ դատավարութիւններու ընթացքին, երբ հայ կալանաւորները ենթարկուած են բռնութեան եւ խոշտանգումներու եւ զրկուած իրենց հիմնարար իրաւունքներէն»։
Նամակին մէջ նաեւ կը նշուի.
«Նախագահ Ալիեւ բազմիցս ապացուցած է, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան միջնորդ չէ, եւ Միացեալ Նահանգները պէտք չէ իր վարչակարգը պարգեւատրէ որեւէ տեսակի անվտանգային աջակցութեամբ»։
Նաեւ կը պահանջուի Global Magnitsky Act-ի հիման վրայ պատժամիջոցներու վերանայում՝ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար պատասխանատու ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու նկատմամբ։
ԹՐԻՓՓ նախաձեռնութեան նկատմամբ վերահսկողութիւն
ԹՐԻՓՓ միջանցքի նախաձեռնութեան վերաբերեալ նամակը կը նշէ, որ համաձայնութիւնը «մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ Հայաստանի գերիշխանութեան եւ իր ինքնիշխան տարածքին վրայ սեփականութեան իրաւունքներուն վերաբերեալ»։
ՔոնկրԷսականները նաեւ կը բարձրացնեն անվտանգութեան հարցեր՝ մասնաւորաբար այն մտավախութիւնը, թէ արդեօք ճանապարհը կրնայ օգտագործուիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինուորական փոխադրումներու կամ զէնքի վաճառքի համար, ինչը կը վնասէ Հայաստանի անվտանգութեան շահերուն։
Նամակը նաեւ կը կոչ ընէ Պետական եւ առեւտուրի բաժանմունքներուն զեկուցել, թէ արդեօք Ա․Մ․Ն․-ի ընկերութիւններ, որոնք կը գործեն Ատրպէյճանի մէջ, որեւէ ձեւով նպաստա՞ծ են հայկական բնակչութեամբ նախկին տարածքներու քանդման, վերակառուցման կամ վերաձեւաւորման գործընթացներուն, որոնք կապուած են մարդու իրաւունքներու խախտումներու հետ։
Հայ Դատը այս նամակին պատրաստութիւնը կազմակերպեց ամերիկահայութեան մէջ՝ իր գործողութեան կոչով (anca.org/aid), որպէսզի քաղաքացիները դիմեն իրենց Ներկայացուցիչներուն մինչեւ նամակին համակողմանի ստորագրութեան վերջնաժամկէտը։ Ամերիկահայերը կրնան շարունակել հետեւիլ օրէնսդրական զարգացումներուն եւ կապ հաստատել իրենց ներկայացուցիչներուն՝ anca.org կայքին միջոցով։
Նամակին ամբողջական կարդալ սեղմելով․
https://anca.org/assets/pdf/031226_ArmenianCaucus_FY27_ForeignAidLetter.pdf

