ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Ապառաժ»)․- Ապրիլի 10-ին, Հ․Յ․Դ․ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոն այցելեց Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ «Արցախ ֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեանը: Կայացաւ հանդիպում՝ Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի, Վահագն Դադայեանի եւ «Արցախ ֆոնտ»-ի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Տրդատ Մարտիրոսեանի հետ:
Չորս տարիէ ի վեր կը գործէ «Արցախ ֆոնտ»-ը, որ յատկապէս կեդրոնացած է Հատրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղի վերաբնակեցման եւ զարգացման ծրագրերով՝ բնակարաններու կառուցում, դպրոցի ընդլայնում եւ շտապ օգնութեան կեդրոնի բացում։
Անդրանիկ Գասպարեան նշեց, որ Յունիսին պիտի կատարուի Առաջամուղի բացօթեայ մարզահամալիրի բացումը: «Շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին եւ յոյսով ենք, որ կ՛աւարտին Մայիսին։ Իսկ պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Յունիսի սկիզբները»։ Մարզահամալիրին կողքին, նաեւ քննարկուեցան Ապրիլ 2016-ի դէպքերու ժամանակ վիրաւորուած զինուորներու բնակարաններու բարեկարգման եւ այլ ծրագրեր:

