
Յունիս 1-ը Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է, որ սահմանուած է 1925-ին` Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ երեխաներու պաշտպանութեան համար հրաւիրուած համաշխարհային համաժողովին ընթացքին:
Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ «Շարլ Ազնաւուր»ի անուան մշակոյթի կեդրոնի բակին մէջ, տեղի ունեցաւ տօնական ձեռնարկ` նուիրուած երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան:
Ստեփանակերտի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան հարցերու բաժնի պատասխանատուներէն՝ Կարինէ Յարութիւնեան շնորհաւորեց բոլոր երեխաները, եւ յատկապէս մաղթեց խաղաղութիւն:
Նշենք թէ, այս առթիւ Արցախի երեխաները Մ.Ա.Կ.-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունին գրած են նամակ, որուն մէջ կը նշեն թէ իրենց փափաքն է ապրիլ խաղաղութեան մէջ: Նաեւ էջ 16: