
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Ապառաժ»).- Սեպտեմբեր 13-ին, Արցախի մէջ կատարուեցաւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւն:
Այս գծով, տեղւոյն կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ներկայացուց Ստեփանակերտի, շրջանային կեդրոններուն եւ համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները:
Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, գրասենեակի պատասխանատու Արա Պուլուզեան յայտնեց, թէ Հ.Յ.Դ.-ի շրջանային կառոյցները սատարեցին համայնքի ղեկավարներու եւ աւագանիի մօտաւորապէս քառասուն թեկնածուներու, որոնցմէ 32 հոգի ընտրուած է:
«Դաշնակցութիւնը միշտ ալ կարեւոր նկատած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն տեղն ու գործունէութիւնը երկրի կառավարման համակարգին մէջ: Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն նուազած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն կարեւորութիւնը, որուն պատճառը երկրի կառավարման համակարգի գերկեդրոնացուածութիւնն է», յայտնեց Արա Պուլուզեան: Ան նաեւ շեշտեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մարմինները երկու ամիս առաջ սկսած են աշխատանքներու: Իւրաքանչիւր շրջանի պատասխանատու մարմին ճշդած էր իր շրջանի յարմար թեկնածուներու ցանկը, որ կը ներառէր կուսակցական եւ համակիր անհատներ:
Արա Պուլուզեան աւելցուց, թէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները ունեցան իրենց քաղաքական արժէքը ղարաբաղեան հարցին մէջ: Ան եզրակացուց, յայտնելով թէ.-«Կարեւոր է, որ այս շրջագիծին մէջ վերջին օրերուն Արցախ հասած ինչպէս եւրոպացի խորհրդարանականները, այնպէս ալ Միացեալ Նահանգները պետական մակարդակով հաստատեցին ընտրութիւններ կատարելու օրինականութիւնը»: