

ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւանը կը տեղեկացնէ թէ Բիւրոյի «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. կառոյցներու ռայոնական քննարկում, որուն նախագահեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:
Քննարկման մասնակցեցան Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. պատգամաւորներ, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. պատգամաւորներ, Արցախէն եւ Հայաստանէն այլ պատասխանատու ընկերներ եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ: Քննարկուեցան արցախեան տագնապին եւ Արցախին վերաբերող այլ հարցեր: