
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Դեկտեմբեր 5-ին, Միացեալ Նահանգներ կատարած իր աշխատանքային այցին ծիրէն ներս, Ուաշինկթընի մէջ հանդիպեցաւ Ամերիկայի Հայկական Համագումարի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավարներուն, եւ մասնակցեցաւ Հ.Հ. դեսպանատան կազմակերպուած ընդունելութեան:
Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի հաղորդած տեղեկութիւններով` իր հանդիպումներուն ընթացքին, վարչապետը քննարկած է համահայկական նշանակութեան եւ Արցախին վերաբերող հարցերուն մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները: Յարութիւնեան կարեւոր համարած է երկու կազմակերպութիւններու դերակատարումը Արցախի վերաբերեալ, պետական մարմիններու որոշումներու կայացման եւ իրազեկութեան բարձրացման գործին մէջ: Կողմերը շեշտեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական շահերը ներկայացնելու եւ Արցախին համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցով համակարգուած աշխատանքներու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետ Յարութիւնեան այնուհետեւ մասնակցեցաւ Հ.Հ. դեսպանատան մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան, որուն կը մասնակցէին նաեւ հոգեւոր դասի, հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ օտարերկրեայ հիւրեր: Միացեալ Նահանգներու մօտ, Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան ողջունած է Արայիկ Յարութիւնեանը` կարեւոր համարելով անոր այցը պետական շրջանակներու մէջ:
Վարչապետը, իր ելոյթին մէջ ներկայացուց Արցախի պետականաշինութեան, տնտեսութեան զարգացման եւ անվտանգութեան ապահովման գործընթացները: Ան ընդգծեց Արցախի զարգացման եւ միջազգային ներկայացուածութեան գործին մէջ Սփիւռքի բացառիկ մասնակցութեան նշանակութիւնը` ձեռնարկի մասնակիցները յորդորելով հնարաւորինս աջակից ըլլալու հայրենիքի խնդիրներու լուծման: Յարութիւնեան նաեւ պատասխանեց ներկաները յուզող շարք մը հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի տնտեսութեան, արտաքին քաղաքականութեան, պաշտպանութեան համակարգին, հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Դեկտեմբեր 6-ին մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի շէնքին մէջ կազմակերպուած եւ Արցախի անկախութեան 25րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառման, որուն ընթացքին նաեւ հանդէս եկած է ելոյթով մը:
Նշենք թէ, ձեռնարկին ընթացքին, Ատրպէյճանի համար լոպիական գործունէութիւն մշակող «Փոտեսթա Կրուփ»ի ներկայացուցիչները նամակներ բաժնած են՝ դատապարտելով Արցախի անկախութեան 25ամեակի տօնակատարութիւնը Քոնկրէսի շէնքին մէջ կատարելու որոշումը, մինչ փոքրաթիւ ցուցարարներ Քոնկրէսի շէնքին առջեւ բողոքած են տարեկան այս նախաձեռնութեան դէմ։
Այս հաւաքին մասնակցեցան Հայկական հարցերու քոնկրէսական համախմբումէն անդամներ, Հայաստանի եւ Արցախի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու անդամներ, ամերիկահայ համայնքի հոգեւոր դասի, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու հիւրեր:
Տասնեակ մը քոնկրէսականներ, ներառեալ՝ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Էտըմ Շիֆ, Ճուտի Չու, Ճիմ Քոսթա եւ Պրետ Շըրմըն, իրենց ելոյթներուն մէջ աջակցութիւն յայտնած են Արցախի անկախութեան եւ զարգացման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ դատապարտած են անցեալ Ապրիլին Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը՝ հաւաստիացնելով, որ ամէն ջանք կը գործադրեն՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն ապահովելու համար:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Վարչապետ Յարութիւնեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց թէ կարեւոր է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի շէնքին մէջ նման ձեռնարկի մը կազմակերպումը՝ յիշեցնելով, որ երկու երկիրները ժողովրդավարական հասարակաց արժէքներ կը պաշտպանեն։ Ան ներկայացուցած է վերջին 25 տարիներուն ընթացքին Արցախի իշխանութեան ապահոված տնտեսական եւ ժողովրդավարական յառաջխաղացքը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է այն քոնկրէսականներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին Արցախի անկախութեան։
«Ատրպէյճանի պէս հարեւանի հետ երկարատեւ առճակատման պայմաններում, Արցախի բնակչութիւնը աւելի քան քսան տարի շարունակ ոչ միայն գոյատեւում, այլեւ արարում եւ զարգացնում է իր հայրենիքը: Մեզ յաջողուել է նախորդ տարիներին էականօրէն բարելաւել Արցախի բնակչութեան կեանքի որակը: Այսպէս, օրինակ, վերջին 20 տարուայ ընթացքում, մէկ շնչին ընկնող համախառն ներքին արդիւնքը (GDP) աճել է մօտաւորապէս 12 անգամ՝ 1995 թուականի շուրջ 250 տոլարից 2015 թուականին հասնելով շուրջ 3000 տոլարի: Աւելին, վերջին տարիներին գրանցուած՝ համախառն ներքին արդիւնքի տարեկան միջինը շուրջ 10 տոկոսի աճը բաղձալի տեմպ կարող է համարուել ցանկացած պետութեան համար», յայտնեց Արցախի վարչապետը: